Երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսեալ Լիբանանի զանազան շրջաններէ Լիբանանի դրօշակներով, փտածութեան դէմ ու հաշուետուութեան եւ բարեկարգումի պահանջներու կարգախօսներով բազմամարդ երթեր կազմակերպուեցան դէպի Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակ` «Միասնութեան Կիրակի» անուան տակ: Հոն հաւաքուած բազմահազար ցուցարարները բարձրացուցին իրենց բողոքները եւ հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն ցոյցերը մինչեւ կառավարութեան կազմութիւն, հետեւաբար այսօր ընդհանուր գործադուլ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ճամբաներու փակում յայտարարեցին:
Երէկ նաեւ Աքքարի զանազան գիւղաքաղաքներէն ցուցարարներու բազմութիւններ ուղղուեցան դէպի Հալպայի եւ Ապտայի հրապարակները` ընդառաջելով «Միասնութեան Կիրակի»ի կոչին: Անոնք եւս Լիբանանի դրօշակներ կը ծածանէին եւ ընկերային պահանջներու մասին կարգախօսներ կը հնչեցնէին:
Զուգահեռաբար բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Թրիփոլիի, Սայտայի, Սուրի, Նապաթիէի եւ Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ: Ուշ երեկոյեան փակուեցան Ժալ Էլ Տիպի, Շեւրոլէի եւ Ռինկի կամուրջի ճամբաները: Այս ցոյցերը եկան իբրեւ հակազդեցութիւն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի նախագահական պալատին շրջափակին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` ի զօրակցութիւն նախագահ Միշել Աունին կատարած բազմամարդ ցոյցին եւ վարչապետի նշանակման համար խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ձգձգման:
Երէկ ուշ ժամերուն, ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած էին յայտարարութիւններ, որոնք ցուցարարները կը հրաւիրէին հիմնական ճամբաները փակելու առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսեալ:
Երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրները լիբանանեան զանազան շրջաններէն պատուիրակութիւններով ուղղուեցան նախագահական պալատ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու նախագահ զօր. Միշել Աունին:
Այս շրջագիծին մէջ Պաապտայի մէջ համախմբուած ցուցարարներուն առջեւ խօսք առաւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ` ընդգծելով, որ հոսանքը սկսած էր ամբողջական փոփոխութիւն պահանջող ժողովրդային շարժումի մը, որուն հարկ է միանալ եւ մասնակից դառնալ, եւ որ ինք կոչեց «սեղանի շրջում», իսկ ժողովուրդը իր բողոքի ցոյցերով կանխած էր այս շարժումը:
Պասիլ յայտնեց, որ նախապէս զգուշացուցած էր իր գործընկերները, որ ներկայ իրավիճակին առջեւ պիտի գտնուինք, եւ անոնք իրենք իրենց առիթ տուած էին մինչեւ 31 հոկտեմբեր, «սակայն ժողովուրդին ցոյցերը կանխեցին մեզի եւ մենք հոս կը գտնուինք զօրացնելու եւ միանալու ժողովուրդին», ընդգծեց ան: Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` Պասիլ ըսաւ. «Շատեր ենթադրեցին, որ անտարբեր էք ձեր հայրենիքին հանդէպ: Ես մօտէն հետեւեցայ ու լսեցի ձեր ձայները եւ ինքզինքս տեսայ ձեր զայրոյթին մէջ: Մենք ալ ձեզի պէս ապստամբեցանք անարդարին դէմ, եւ որքան որ զգացի ձեր անկեղծ զայրոյթը, նոյնքան զգացի անարդարութիւնը, որուն կ՛ենթարկուիմ: Յեղափոխութիւնը ապստամբութիւն է անարդարին դէմ, սակայն ատիկա անարդարութիւն չի կատարեր, ապա թէ ոչ դատապարտուած է շիջումի: Արդար չէ, որ երկու անգամ անիրաւութեան ենթարկուինք` մէյ մը փտածութեան խորհրդանիշներուն, մէյ մըն ալ փտածութեան զոհերուն կողմէ:
«Եթէ բոլորը` փտածներն ու արդարները, մեղադրենք փտածութեամբ, ապա ոչ ոքի հաշուետուութեան կրնանք կանչել, հետեւաբար «բոլորը այսինքն` բոլորը», լոզունգը պէտք է հաշուետուութեան համար գործածուի եւ ոչ` անիրաւութեան, որովհետեւ բոլորս փտած չենք: Փտած են անոնք, որոնք իրենց պալատները կերտեցին պետութեան եւ ժողովուրդին դրամով»:
Պասիլ կոչ ուղղեց «հաւատարիմ ժողովուրդին» իրենց զօրակցութիւնը ստանալու նախագահ Աունէն եւ մաս կազմելու նախագահին պաշտօնավարութեան երկրորդ կէսին անոր ծրագիրին զօրակցութեան, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան դիմաց ներկայ եւ անցեալի պատասխանատուներուն դրամական հաշիւներու բացայայտման կը հրաւիրէ:
«Յեղափոխութիւնը պէտք չէ աւարտի փտածներուն պատասխանատու պաշտօններու վրայ մնալով, իսկ արդարներուն հեռացումով: Փտածներուն դատավարութիւնը արդարադատ ատեանին պատասխանատուութիւնն է: Ստանձնեցինք գործեր եւ իրականացուցինք ծրագիրներ, եւ մեր նպատակն էր նուաճումներ արձանագրել` քան մեր դիմագիծը աղաւաղել, սակայն ճշմարտութիւնը ուշ թէ կանուխ երեւան կ՛ելլէ»:
Պասիլ եզրափակեց` յայտնելով, որ գալիք օրերը դժուար օրեր պիտի ըլլան: «Մեր շարքերուն մէջ դաւաճանները քիչ են, եւ դժուարին օրերուն երկու բան երեւան կու գայ` վախը, որ կը հասկնանք, եւ դաւաճանութիւնը, որ չենք հասկնար, եւ պատճառաբանութիւն չունի: Կ՛ըսեմ, որ իւրաքանչիւր անձրեւէ ետք արեւ կը ծագի, իսկ Ազգային ազատ հոսանքը Լիբանանի արեւն էր ու պիտի մնայ»: