Քա­ռա­սուն տարիէ ի վեր Սուր­իոյ Երի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան իրա­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը, իրենց երդ­ման հաւատարիմ, կը գոր­ծեն ժո­ղո­վուր­դին հետ, ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, որ­պէս կա­մա­ւոր, ծա­ռա­յա­սէր երի­տա­սարդ­ներ:
Այ­սօր անոնք հպար­տու­թեամբ կը յի­շա­տա­կեն իրենց միու­թեան 40-ամ­եա­կը:
Ար­դա­րեւ, Կի­րա­կի, 3 Նո­յեմ­բեր 2019-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ՍԵՄ-ի հիմ­նադ­րու­թեան 40-ամ­եա­կին նուիր­ուած հանդիսութիւնը: Ներ­կա­նե­րը նախ­քան հան­դի­սու­թիւնը վա­յե­լե­ցին ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր ՍԵՄ-ի 40 տարուան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը՝ պար­բե­րա­թեր­թեր, թեր­թօն­ներ, օրա­ցոյց­ներ, թղ­թա­պա­նակ­ներ, շա­պիկ­ներ եւ գլխարկ­ներ, յու­շան­ուէր­ներ, յու­շադ­րօշ­ներ, ծա­նու­ցում­ներ եւ յօդ­ուած­ներ, որոնք լոյս տե­սած էին Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ, ինչ­պէս նա­եւ 1977-ին ՀՅԴ 21-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վով վա­ւե­րաց­ուած զի­նան­շա­նի մը պատ­կե­րը, որուն ներ­քեւ Սուր­իոյ շր­ջան­նե­րուն մէջ երի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն հիմ­նե­լու առա­ջար­կը երկ­րոր­դող ըն­կեր­նե­րուն ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րը դրոշմ­ուած էին:
Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ Ընկհ. Մար­իա Նալ­պանտ­եան: Ան ըսաւ, որ ՍԵՄ-ը կը մի­տի պատ­րաս­տել ազգա­յին գի­տակ­ցութ­եամբ լից­քա­ւոր­ուած երի­տա­սարդ­ներ, ու­նե­նալ Հայ Դա­տին ու հայ ժո­ղո­վուր­դի պահանջատիրութեան պաշտ­պան ու պա­հա­պան նուիր­եալ զի­նուոր­ներ:
Արա­բե­րէն բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց ընկ. Հրակ Փա­յաս­եան: Ան հաս­տա­տեց, որ մենք՝ երի­տա­սարդ­ներս, ամ­րա­կուռ շար­քե­րով, հա­ւատ­քով ու աշ­խա­տան­քով պի­տի նուիր­ուինք Հայ Դա­տին: Հան­դի­սութ­եան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ թատե­րա­կան պատ­կե­րով մը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր ՍԵՄ-ի հիմ­նադ­րու­թեան պատ­մու­թիւնը: Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ ՍԵՄ-ի նուա­գա­խում­բը, հրամց­նե­լով «Ախ­պերս ու Ես», «Մար­տի­կի Եր­գը», «Ղա­րա­բաղ» (մե­նա­կա­տար ընկ. Յո­վիկ Պարսումեան): Շա­րու­նակ­ուե­ցաւ ներ­կա­յա­ցու­մը՝ ՍԵՄ-ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն 40-ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ութ­եան յիշատակումով:
Իրենց ճի­գե­րով ու հեւ­քոտ աշ­խա­տան­քով ՍԵՄ-ական­ներ պա­րա­խումբ ալ կազ­մած էին: Պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց «Բերդ» եւ «Եար­խուշ­տա» պա­րե­րը, իսկ ընկհ. Կաս­իա Պաղ­տիկ­եան առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մեկնաբանեց ՍԵՄ-ի 40-ամ­եա­կին նուիր­ուած «ՍԵՄ-ական­ներ» եր­գը, որ­մէ ետք բեմ հրա­ւիր­ուե­ցան ընկհ. Ան­նա Պար­սամ­եան, ընկհ. Բե­կի Զատիկ­եան եւ ընկ. Վի­գէն Չաղ­լաս­եան աս­մուն­քե­լու ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան գրա­կա­նու­թե­նէն քաղ­ուած ընտ­րա­նի մը:
Օր­ուան ու­ղեր­ձը ար­տա­սա­նեց ընկ. Քրիստ Խրոյ­եան, յի­շե­լով որ ՍԵՄ-ակա­նը առա­ւօ­տուն դպ­րո­ցա­կան գրասեղաններու ետին, հա­մալ­սա­րա­նա­կան լսա­րան­նե­րու մէջ գի­տու­թիւն կ’ամ­բա­րէր, նոյն այդ երի­տա­սար­դը քա­նի մը ժամ ետք, պա­տե­րազ­մա­կան ծանր օրե­րուն հր­դեհ կը շի­ջա­նէր, վի­րա­ւոր­ներ կը փո­խադ­րէր, նպաստ կը բաշ­խէր, Հայ Ծերա­նո­ցի ծե­րու­նի­նե­րը ապա­հով վայր կը տե­ղա­փո­խէր: Իսկ գի­շեր­նե­րը պա­հա­կու­թիւն կ’ընէր, վճ­ռած էր իր կեան­քին գնով պաշտ­պա­նել մեր ժո­ղո­վուր­դը, մեր սր­բա­գոյն կա­ռոյց­նե­րը՝ եկե­ղե­ցի, դպ­րոց, ակումբ…: Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րը խլե­ցին երի­տա­սար­դին խան­դա­վա­ռու­թիւնը, բայց յու­սա­հա­տու­թեան չմատ­նե­ցին զինք: Այդ յոյսն էր, որ վե­րաբռն­կե­ցաւ եւ շր­ջան մը վերջ ծի­ա­ծա­նը տա­րած­ուե­ցաւ Հա­լէ­պի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ՝ խա­ղա­ղու­թիւն աւե­տե­լով բո­լո­րին: Միութիւնը իր նախ­կին եռան­դը վե­րագ­տաւ: Վրան­նե­րը վերս­տին լար­ուե­ցան Քե­սա­պի մէջ, թէ այ­լուր, բա­նա­կու­մի փո­ղը հն­չեց ու մեր դրօշ­նե­րը կր­կին ծա­ծա­նե­ցան հայ­րե­նա­կան տա­րածք դար­ձած մեր բա­նա­կա­վայ­րե­րու կայ­մե­րուն վրայ: Տարի­նե­րը կը թա­ւա­լին եւ ՍԵՄ-ը կը շա­րու­նա­կէ նոր ու­ժեր հասց­նել: Ու­ժեր, որոնք Սփիւռ­քի մէջ մա­քա­ռե­լով մէկ­տեղ, իրենց աչ­քե­րը սե­ւե­ռած կը պա­հեն ձիւ­նա­ծածկ գա­գաթ­նե­րուն եւ կը սպա­սեն, որ հայ հե­րոս­նե­րուն բա­զուկ­նե­րը այն­տեղ կր­կին եռա­գոյ­նը ծա­ծա­նեց­նեն:
Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ: Ընկհ. Մար­իա Չիչ­եան մե­ներ­գեց «Առաքինի Ըն­կեր»ը:
Աւար­տին ՍԵՄ-ի երգ­չա­խում­բը, տիկ. Գայ­ի­ա­նէ Սի­մոն­եան -Տէր­եա­նի գեղ. ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց «Վերցրուք Տղերք Հրա­ցան», «Խնու­սից Գա­լով», «Մշոյ Դաշ­տեր», «Ախ Ֆի­տա­յիք», «Դեհ Զար­կէք», «Գա­րե­գին Նժդեհի Յի­շա­տա­կին», «Հպարտ Ան­պարտ Դաշ­նակ­ցու­թիւն», «Փառք Քեզ, Ով ՍԵՄ» եր­գե­րը, եր­գե­հո­նի նուագակցութեամբ ըն­կեր Ար­մէն Ասայեանի։
Հան­դի­սա­վար ընկհ. Ժա­գի Մահ­սե­րէճ­եան հան­դի­սա­կան­նե­րուն ծա­փող­ջոյն­նե­րուն ներ­քեւ, մէկ առ մէկ բեմ հրա­ւի­րեց նախ երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վա­րը, ապա պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյ­ցը՝ պրն. Յա­րութ Պա­րոն­եա­նը, թատ­րո­նի բնա­բա­նին հեղի­նա­կը՝ ընհ. Յու­շիկ Ղա­զար­եանն ու թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րի­չը՝ պրն. Գէ­որգ Արոյ­եա­նը:
Օր­ուան եզ­րա­փա­կիչ պատ­գա­մը ուղ­ղեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Սր­բա­զա­նը գնա­հա­տե­լով երի­տա­սարդ­նե­րուն ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ պատ­րաստ­ուած գու­նեղ եւ իմաստալից յայ­տա­գի­րը ըսաւ. «ՍԵՄ-ը ոչ միայն պար, երգ եւ աս­մունք կ’ու­սու­ցա­նէ, այ­լեւ հայ երի­տա­սար­դին նկա­րա­գի­րը կը կեր­տէ՝ հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քին ու դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան իր ծրագ­րին ընդ­մէ­ջէն: Մեր ժո­ղո­վուր­դը այս­պէս կ’ըն­կա­լէ ՍԵՄ-ը: Իւ­րա­քան­չիւր ՍԵՄ-ական սուր­ի­ա­հա­յու­թեան հպար­տու­թիւնն է: Այս երի­տա­սարդ­նե­րուն վս­տահ­ուած է մեր համայնքին ապա­գան: Այ­սօր, այս բե­մին վրայ յոյս տե­սանք, ուժ տե­սանք, ապ­րում եւ կազ­մա­կերպ­ուած աշ­խա­տանք տե­սանք, փո­խա­դարձ յար­գանք ու գոր­ծակ­ցութ­եան օրի­նակ տե­սանք, պայ­քա­րի ոգի տե­սանք: Կեց­ցէ՛ք, սի­րե­լի ՍԵՄ-ական­ներ»: 
Հան­դի­սու­թիւնը աւար­տին հա­սաւ սր­բա­զան հօր «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով:
Վեհան Պարսումեան