Յարգանքը կը բխի մարդու ներսիդիէն: Ան դաստիարակութեան հետ կապ ունի:
Այն մարդը, որ չի յարգեր դիմացինը, ինքզինք անարգած կ’ըլլայ եւ իրաւունք չունի յարգանք ակնկալելու ուրիշներէ:
Դժբախտաբար այս օրերուն մարդիկ յաճախ զիրար կ’անարգեն:
Մանուկը, փոքր տարիքէն, ընտանիքին մէջ պէտք է սորվի յարգել ուրիշները։ Դպրոցէն առաջ ամէնէն մեծ պարտականութիւնը ծնողքինն է: Երբ մէկը կը յարգէ իր դիմացինը՝ ցոյց կու տայ իր դաստիարակուած ըլլալը: Յարգանք կը նշանակէ մարդկայնութիւն եւ մշակոյթ:
Շատ տգեղ երեւոյթ է, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք,թէ ինչպէս զաւակներ կ’անարգեն զիրենք խնամող, մեծցնող ծնողները, իրենց մեծ հայրերն ու մայրերը:
Յարգանքը ամէն բանէ վեր է, ազնիւ հոգիէ կը բխի:
Մարդ որչափ ալ բարձր դիրքի հասնի, արժէք մը չի ներկայացներ, եթէ յարգել չի գիտեր:
Ուրեմն քիչ մը աւելի յարգալիր վերաբերմունք ունենանք մեր շուրջիններուն, մանաւանդ մեր ծնողներուն ու դասընկեր-դասընկերուհիներուն նկատմամբ: Այն անձը, որ չի գիտեր յարգել, չի կրնար նաեւ սիրել:

Գեղեցիկ սովորութիւն է յարգելը, գեղեցիկ՝ յատկապէս, երբ  փոխադարձաբար կ’արժանանանք յարգանքի:

Աստղիկ Դանիէլեան
ԺԱ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան