Երկուշաբթի 11 Նոյեմբերին, ժամը 09:30-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ բանասիրութեան հիմնարկի դիմացէն սկիզբ պիտի առնէ իրազեկման մեծ երթը, որ պիտի անցնի համալսարաններէն, ապա պիտի միանայ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան շէնքի դիմաց նստացոյց կատարողներուն: Երթին պիտի միանան արդէն երկրորդ շաբաթը դասադուլ ընող ուսանողները: Երթը պիտի սկսի ԵՊՀ հայ բանասիրութեան եւ պատմութեան մասնաշէնքերէն (Աբովեան 52այ, 52` Սեւ շէնք), Տնտեսագիտական համալսարան, Բժշկական համալսարան, ԵՊՀ գլխաւոր մասնաշէնքեր, Հայաստանի ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան պետական հիմնարկ, ապա Մանկավարժական համալսարան:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները նախաձեռնած են բողոքի զանգուածային ցոյցեր` պահանջելով ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: ՀԵՄ-ականները եւ ԿԳՄՍ նախարարի հրաժարականը պահանջող ուսանողական շարժման մասնակիցները կը համարեն, որ Արայիկ Յարութիւնեան անհամատեղելի է իր ստանձնած պաշտօնին:

Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող ցուցարարները անցնող շաբաթ բողոքի ցոյցեր կատարած են ԵՊՀ հայ բանասիրութեան համալսարանէն ներս, ՀՀ կառավարութեան, ԿԳՄՍ շէնքերուն դիմաց եւ այլուր` կոչ ուղղելով ԿԳՄՍ նախարարին հրաժարականի դիմում ներկայացնելու: Հանրահաւաքի մասնակիցները նաեւ անժամկէտ նստացոյց յայտարարած են: ՀԵՄ-֊ականները Ուրբաթ ուշ երեկոյեան պատկերասփիւռի ուղիղ սփռումով տեղեկացուցած են, որ բողոքի զանգուածային գործողութիւնները պիտի վերսկսին Երկուշաբթի օրուընէ: