(Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատուիրակութեան Փարիզ այցելութեան առիթով)

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, հայրենի պետական պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Փարիզ` մասնակցելու խաղաղութեան միջազգային երկրորդ ֆորումին, ի շարս տարբեր երկիրներու բազմաթիւ պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու:

Եռօրեայ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի կ’ունենայ պատուիրակութեան հանդիպումը ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Սոյն հանդիպումին հրաւիրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Այս առիթով, կանխաւ հետեւեալ յստակացումը կը կատարենք հայ հասարակական բեմին համար.

Դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից միութիւններով, կ‘ընդառաջէ հրաւէրին, կը մասնակցի հանդիպումին, առաջնորդուելով իր ազգային – քաղաքական վարքագիծով, որ այլ բան չէ եթէ ոչ հաւատարմութիւն ու զօրակցութիւն մեր պետականութեան, լաւապէս տարբերելով ու սահմանագծելով պետութիւն եւ իշխանութիւն հասկացողութիւնները: Եւ այս իսկ սկզբունքէն մեկնած, միաժամանակ, ամենայն համոզումով ու մեր բոլոր ուժերով եւ միջոցներով անվերապահօրէն կը զօրակցինք ՀԵՄ-ի նախաձեռնած հրապարակային միջոցառումներուն, որոնք ուղղուած են կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի` կրթական մարզէն ներս վարած ապազգային քաղաքականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խստիւ ու միանգամընդմիշտ կը մերժենք մեր կուսակցութեան մէջ շերտեր որոնելու ոմանց ապարդիւն փորձերը:

Յստակ պէտք է դառնայ անխտիր բոլորին, որ կայ մէ՛կ Դաշնակցութիւն, չկա՛յ այսպէս ըսած «դրսի» կամ «ներսի» դաշնակցական, այլ կայ մէկ տեսակի դաշնակցական աշխարհի չորս ծագերուն, որուն երդումը մէ՛կ է . ծառայել Հայաստանի ու հայութեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ