ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի «ՆերՈւժ» սթարթափի (Աշխատանքի սկսելու նախանական ծրագիր-«Գ.») դիմումներու ընդունման ժամկէտը աւարտած է, անոր դիմած են աւելի քան 80 «Սթարթափ» աշխարհի տարբեր ծայրերէն՝ Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Չինաստանէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Էսթոնիայէն, Չեխիայէն, Իրլանտայէն, Հարաւային Քորէայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Եգիպտոսէն։
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն յայտնեցին, որ յաջորդ փուլով պիտի կատարուի դիմումներու ուսումնասիրութիւն, հարցազրոյցներ պիտի ըլլան, ընտրութեան փուլեր պիտի կայանան, յաղթածները պիտի հրաւիրուին Հայաստան՝ 16-20 Դեկտեմբերին Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ մասնակցելու քառօրեայ հաւաքի, ծանօթանալու Հայաստանի «Սթարթափ» համակարգին եւ Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղելու առաւելութիւններուն, լսելու ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները, համագործակցելու տեղացի գործընկերներու հետ եւ զարգացնելու իրենց գաղափարները: Աւարտին յաղթող խումբերը պիտի ստանան 15-30 հազար տոլարի համարժէք դրամաշնորհներ, ինչպես նաեւ Հայաստանի մէջ իրենց «Սթարթափ»ը հիմնելու համար ձեռնարկատիրական ամբողջական աջակցութիւն: