11 Նոյեմբերին, Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան դիմաց Դաշնակցութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցի ընթացքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան անդրադառնալով նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջին յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեան խոր թիւրիմացութեան մէջ է, եւ այս գործընթացի խորքային պատճառը չէ ըմբռնած կամ առնուազն իրեն զեկուցած են մակերեսօրէն: Այս մասին, այսօր
անոր խօսքով, սա պայքար է ազգային եւ ապազգային երեւոյթներուն միջեւ. «Երկրորդ, Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար իրեն վերագրել նախարարութեան գործառոյթները: Օրէնքը յստակօրէն կը սահմանէ, կառավարութեան անունով` ոլորտի քաղաքականութիւնը կ’իրականացուի ԿԳՄՍ Նախարարութիւնը: Օրէնքով յստակ  ձեւակերպուած է, թէ ինչ քաղաքականութիւն պէտք է իրականացուի, սակայն ինչ որ այս նախարարութիւնը կ’իրականացնէ ` նախարարի գլխաւորութեամբ, կը հակասէ օրէնքին: Այսինքն հակաօրինական ընթացքի մէջ է:

Երրորդ, ակնյայտ է, որ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ իր խորհրդատուները, եւ եթէ վարչապետն ալ միանայ, ուրեմն նաեւ ինքը, ակնյայտօրէն կը փորձեն ապակողմնորոշել այս ընդվզումը, որ յառաջացաւ երիտասարդութեան շրջանին մէջ: Այո, ՀՅԴ-ն հանդէս կու գայ ազգայինը պահպանելու դիրքերով եւ պիտի գտնուի նման շարժման կողքին, որ ազգայինը դուրս մղելու գործողութիւն կ’իրականացնէ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Արծուիկ Մինասեանը տեղեկացու, որ ՀՅԴ երիտասարդական կազմակերպութեան յայտարարութեանն  միացած են 20-էն աւելի երկիրներու երիտասարդներ: ՀՅԴ ԳՄ անդամը նկատեց, որ Նիկոլ Փաշինեան եկած, փորձած էր Արայիկ Յարութիւնեանի ապազգային վարքագիծը իր վրայ վերցնել:

Նիկոլ Փաշինեանն իրաւունք չունի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարնամարզութեան Նախարարութեան արարքը վերցնէ իր վրայ կամ կառավարութեան վրայ, յայտնեց Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջին եւ վարչապետի այն յայտարարութեան, թէ կրթութեան, մշակոյթի ոլորտէն ներս քաղաքականութեան պատասխանատուն կառավարութիւնն է:

Անդրադառնալով Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութեան, թէ ՀՅԴ երիտասարդներուն բերած դատարկ արկղերը պիտի լեցուին կրթութեան ոլորտէն ներս ՀՅԴ-ի գործունէութեան հետ կապուած քրէական գործերով եւ ետ պիտի ուղարկէ, Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Մենք պահանջած ենք, որ Արայիկ Յարութիւնեան, եթէ կան այդպիսի յանցագործութիւններ, ներկայացնէ, հակառակ պարագյին` պէտք է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուի սուտ մատնութեան համար: Կամ առնուազն հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, որ ասոնք քաղաքական հնարքներ են:Ան պարզապէս օդին մէջ յայտարարութիւններ կը կատարէ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իբրեւ կան լուրջ բան եւ այլն»: