Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին, համագործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2019-ին երիտասարդութեան բարգաւաճման եւ զարգացման երկրորդ փուլով իրականացուող ծրագիրին մեկնարկը կատարուեցաւ, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Փօլատեան» սրահէն ներս։
Կազմակերպող մարմինին անունով Մարիա Պօզեագալեան բացման խօսք արտասանելով նախ հակիրճ կերպով ներկայացուց ծրագիրին նպատակը, նախորդ տարուան աշխատանքներն ու մասնակիցներուն ընթացքը: Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ նախորդ շրջանին իրագործուած դասընթացքներէն, վկայականաց ու սպասներու բաշխման հանդիսութենէն պատկերներ: Պօզեագալեան յայտնեց, որ 200 երիտասարդ/ուհիներ պիտի մասնակցին զանազան դասընթացքներու, ինչպիսին են՝ համակարգչային, բջիջային հեռաձայնի նորոգութեան, տպագրական նկարներու ձեւաւորման, վարսայարդարումի, երթեւեկային գրասենեակներու տնօրինման, խոհարարական, կարի եւ գեղագիտական դասընթացքներ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան:
Ան յայտնեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը կ’ապացուցէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի գործուն մասնակցութիւնը Սուրիոյ վերաւորակաւորման եւ վերաշինութեան համընդհանուր ծրագիրին: Ապա կարեւոր համարեց նման ձեռնարկները երիտասարդութեան համար, որպէսզի անոնք իրենց ապագայի կերտման ճամբուն խրախուսուին եւ յաջողութիւն ձեռք բերեն:
Համայնքապետ Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ դասընթացքի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակցողի պիտի շնորհուի համապատասխան վաւերական վկայագիր, իսկ առաջնակարգները պիտի ստանան պիտանի սպասներ՝ վերսկսելու նոր արհեստներ եւ այլ աշխատանքներ։
Բացման հանդիսութեան իրենց ներկայութիւնը բերած էին պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուսումնարաններու տնօրէններ, դասատուներ եւ մասնակիցներ:
Սոյն ծրագիրը եզակի է իր բովանդակութեամբ եւ որակով:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան