Բողոքի ցոյցերը` ընդդէմ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնավարման, կը շարունակուին: 14 Նոյեմբերին, ցոյցի մասնակիցները Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը շէնքին մօտէն երթով ոյղղուեցան դէպի կառավարութեան շէնք, ուր տեղի կ’ունենար հերթական նիստ:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեան անդամ Գերասիմ Վարդանեան անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ Մել Դալուզեանը իր պաշտպանութեան տակ է ու ըսաւ. «Եթէ վարչապետը իր պաշտպանութեան տակ կ’առնէ Մելինէ Դալուզեանը, ապա երիտասարդութիւնը իր պաշտպանութեան տակ կ’առնէ հայոց լեզուն, հայոց պատմութիւնը եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը»:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեան անդամ Գոռ Սարգսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ սա երիտասարդութեան ազնիւ ու արդար պայքարն է եւ պէտք չէ փորձել զայն կապել այլ բաներու հետ:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեան անդամ Արգիշտի Գէորգեան դիտել տուաւ, որ այս պայքարը նեղ շրջանակի մէջ չիրականացուիր. «Բողոքի ցոյցերուն միացած են Հայ բանասիրութեան հիմնարկի ուսանողներն ու դասախօսները, մեզի միացած է Շիրակի պետական համալսարանը, յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Երեւանի Պետական Համալսարանի ուսանողական խորհուրդը, նախազգուշական 1-օրեայ գործադուլ յայտարարած են ԵՊՀ աւելի քան 50 դասախօսներ, «Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներու դիրքապահ» հասարակական կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը քաղաքական գործիչներ, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ»:
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան յայտնեց, որ իրենց բերած աթոռը պիտի մնայ կառավարութեան շէնքին առջեւ, որովհետեւ կը խորհրդանշէ Արայիկ Յարութիւնեանին աթոռին կառչած ըլլալը:
Ցուցարար ուսանողները կոչ ուղղեցին իրենց շարժումը չսեւցնել եւ փտածութեան հետ չկապել:
Ցոյցի մասնակիցները իրենց հետ բերած էին նաեւ աթոռ, որ աւարտին կառավարութեան շէնքին դիմաց ձգեցին, ի նշան այն բանին, որ Արայիկ Յարութիւնեան կառչած է իր աթոռին: