«Երկիր».- ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Քրիստինէ Վարդանեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նստացոյցը այսօր առտու կանուխէն կը շարունակուի ԿԳՄՍ Նախարարութեան շէնքին դիմաց, պահանջքը նոյնն է` Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը, որովհետեւ մեր յարուցած հարցերուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած:
Ան յայտնեց, որ իրենք ոչ թէ որեւէ անձի, այլ վարող քաղաքականութեան դէմ դուրս եկած են, որուն պատասխանատուն Արայիկ Յարութիւնեանն է:
Նստացոյցի մասնակիցները այսօր երեկոյեան ԿԳՄՍ Նախարարութեան շէնքին մօտ ֆիլմի ցուցադրութիւն կազմակերպած են. պիտի ցուցադրուի Նիկոլ Աղբալեանի մասին ֆիլմ, որ կը պատմէ, թէ կարճ ժամանակի մէջ ինչ կարելի է ընել քանդուած պետութեան կրթութեան ոլորտէն ներս:

Նարա Մարտիրոսեան