Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան իր շքախումբով այցելեց Լաթաքիոյ հայկական Բարեգործական ընդհանուր Միութեան կեդրոն։
Մուտքին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն՝ սրբազան հօր ձեռամբ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց միութեան ատենապետ ԲԺ․ Նիկոլ Մատանի։ Ան ՀԲԸՄ մեծ ընտանիքին անունով ի սրտէ ողջունեց սրբազան հօր օրհնաբեր գալուստը, յայտնելով, որ միութեան համար ուրախալի շարժառիթ է դիմաւորել Թեմակալ Առաջնորդը։ Ան միութեան գործունէութեան հետ առնչուած ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ եւ սրբազան հօր մաղթեց արեւշատ եւ արգասաբեր տարիներ։

Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ ընդգրկեց պար, ասմունք,երգ եւ դաշնամուրի նուագակցութիւն։ Խանդավառող եւ խրախուսիչ էր բեմը, որ հոգեհարազատ թարգմանն էր ձիրքերով օժտուած երիտասարդներուն։ Այնուհետեւ սրտի եւ օրհնութեան խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որուն բարերար կամքին համաձայն կարելի եղաւ մէկտեղուիլ ՀԲԸՄ-ի նուիրական յարկէն ներս։ Սրբազանը գնահատական արտայայտութիւններով անդրադարձաւ ելոյթ ունեցողներուն եւ յորդորեց լաւատեսութամբ ապրիլ, որովհետեւ այս օրերուն լաւատեսութիւնը կենսական պահանջք է մասնաւորաբար սուրիահայութեան համար։ Սրբազանը ըսաւ․ «Վերականգնման աշխատանքներուն մասնակցելու եւ անկոտրում կամքով ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գիտակցութենէն մեկնած՝ իւրաքանչիւչ հայկական միութիւն իր բաժինը կը բերէ։ Մարդակերտում եւ հայակերտում սերմանող ձեռքերը շատ են, սա բնական է։ Հայապահպանման եւ ազգակերտման սերմնահատիկները կը ցանեն հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները»։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։