«Երկիր».- Երեւանի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Իւրի Աւետիսեան յայտարարեց. «Մենք` հարցով շահագրգռուած մտաւորականներս, դասախօսներս, մեծ մտավախութիւն ունինք, որ հարցը գիտական խորհուրդի մէջ կը լուծուի այնպէս ինչպէս  մտաւորականներու եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին հետ հանդիպումի ընթացքին փափաքի յայտնած է ԿԳՄՍ լիազօրուած մարմինը»:

«Այդ մտավախութիւնը պայմանաւորուած է մինչեւ օրէնքի նախագիծի ընդունումը արդէն իսկ ԶԼՄ-ներով եւ այլուր յստակ քարոզուող այն գաղափարով, որ մեր ԲՈՒՀի մէջ ուսանող ապագայ երկրաչափը բնաւ պէտք է անհրաժեշտութիւնը չունենայ հայերէն սորվելու, որ հայերէնի ուսուցումը ԲՈՒՀերու մէջ կ’իրականացուի մասնագիտական առարկաներու հաշուոյն եւ առաւել կը ծանրաբեռնուի ուսանողներու ժամաքանակը, որ դպրոցի մէջ ստացած գիտելիքը միանգամայն բաւարար է», ըսաւ ան:

«Այսօր ստեղծուած քաոսային իրավիճակին վտանգները բացառող միակ ճանապարհը այն է, որ նոր օրէնքին մէջ  վերստին ամրագրուի հայոց լեզուի պարտադիր ուսուցման դրոյթը», յայտնեց դասախօսը` առանձին կէտերով ներկայացնելով խնդրին առնչուող փաստարկները:

Ըստ այդմ` երկրորդ կէտը այն է, որ անընդհատ եւ անիրաւօրէն կը թմբկահարուի թէ՝ «ԲՈՒՀը կը կրկնէ հայոց լեզուի դպրոցական ծրագիրը»: «Ծանօթացէք ԲՈՒՀ-ական ծրագիրներուն, թերթեցէք հայերէն լեզուի ԲՈՒՀ-ական գործնական ձեռնարկները, դասալսումներ կատարեցէք, լսեցէք ուսանողներու կարծիքը եւ դուք համոզուեցէք. լիազօր մարմինը այն բանի համար է, որ վերահսկէ, դասալսումներ կատարէ, քննարկումներ կատարէ, եւ, եթէ կան մոլորեալներ,  հրաւիրէ զիրենք, եւ ոչ թէ վերցնէ ու մէկ կողմ նետէ առարկան` պատճառաբանելով, որ թերութիւններ կան», մանրամասնեց Իւրի Աւետիսեան:

«Երրորդ կէտը, մեր խորին համոզումով, հետեւեալն է` հայերէնը գործիք է մասնագիտութիւնը սորվելու եւ այն լաւ իւրացնելու համար: Այդ գործիքը մշտապէս պէտք է կատարելագործել,  եւ  պէտք է ընձեռնել ԲՈՒՀ-երուն իրաւունքի ուժով եւ ոչ թէ ձգել ԲՈՒՀ-երու նախընտրութեան»,  շեշտեց ան` անցնելով չորրորդ կէտին, ըստ որուն`  լեզուն բացառիկ դեր ունի քաղաքացիի ազգային նկարագիրը ձեւաւորելու, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ:

«Հինգերորդ կէտը ԲՈՒՀ-երու մէջ պարտադիր համարուող առարկան պէտք է կոչուի «հայոց լեզու»: Մենք, հայոց լեզու ըսելով, կը հասկնանք քերականութիւն, բայց ան լայն հասկացութիւն է եւ կը ներառէ բանաւոր, գրաւոր խօսքի հաղորդակցութիւն, բարեվարքութիւն, ակադեմական գրագրութիւն եւ այլն: Հետեւաբար, մենք կրնանք ԲՈՒՀ-ի մէջ դասաւանդուող առարկան ձեւակերպել` հայոց լեզու, եւ ԲՈՒՀ-ին ձգել դասաւանդման տարբերակները:

Վեցերորդ կէտ. մենք ունինք խորին համոզում, որ հայոց լեզուի պարտադիր կամ ոչ պարտադիր ըլլալը չէ մեր ՀՀ կրթական ոլորտի տասնեակ կարեւոր հարցերէն գոնէ մէկը, այս ոլորտէն ներս կան շատ հրատապ լուծում պահանջող հարցեր: Օրինակ` շատ տխուր վիճակ է հանրակրթական դպրոցին մէջ, կազմաքանդուած է աւագ դպրոցի ուսուցման կառուցուածքը: Նախ ասոնք պէտք է կարգի բերել», յայտնեց ԵՊՀ հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչը` եզրափակելով իր խօսքը եօթերորդ կէտի ներկայացումով, ըստ որուն` իրենք չեն ուզեր ըսել, որ վերջնագիր կը ներկայացնեն, բայց հարցը որեւէ տարբերակով չլուծելու պարագային հարկադրուած պիտի ըլլան մտածել, որ սա ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ օղակն է, որ կոչուած է վարկաբեկելու մեր ազգային արժէքները: