«Փանորամա».- Հայաստանի դասախօսներն ու մտաւորականները հանդիպում ունեցան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Անոնք դժգոհ էին նախարարութեան կողմէ մշակուած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» նոր նախագիծէն, որուն համաձայն, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ «Հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերու դասաւանդութիւնը պարտադիր պիտի չըլլայ:

Դասախօսները ներկայացուցին իրենց առաջարկները: Երեւանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Իւրի Աւետիսեան ըսաւ, որ  մինչեւ օրէնքի նախագիծին ընդունումը արդէն լրատուամիջոցներուն մէջ յստակ կերպով կը քարոզուէր այն գաղափարը, որ երկրաչափներուն, այսինքն բարձրագոյն ուսումնական համալսարաններուն մէջ ուսանող ապագայ երկրաչափին բնաւ պէտք չէ ուսուցանել հայերէն, հայերէնի դասաւանդումը անտեղիօրէն կը ծանրաբեռնէ ուսանողները, իսկ դպրոցին մէջ ստացած գիտելիքը բաւարար է։

«Այսօրինակ քարոզչութեան ճնշող պայմաններուն մէջ վտանգները բացառելու միակ ողջմիտ ճանապարհը, մեր կարծիքով, կը մնայ , որ  նոր օրէնքով վերստին ամրագրուի հայոց լեզուի ուսուցման  պարտադիր ըլլալու հանգամանքը», ըսաւ ան։

ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Արտակ Մովսիսեան յայտնեց, որ իրենք երկու կողմերուն միջեւ պատուար կանգնած մարդիկ չեն:

«Ի վերջոյ բոլորին նպատակը պէտք է ըլլայ լաւ կրթական, գիտական համակարգ ունենալ, երեխաներուն համար բնական միջավայր ստեղծել, ոչ թէ, վերջին հաշուով, այսօր ով  նախարար է, ով  վարիչ է, ով՝ սովորական դասախօս:  Մէկ ու կէս տարի առաջ դուք ալ մեր կարգավիճակով դասախօս էիք, եւ հոս աւելի շատ պէտք է կոլեգիալ (գործընկերային-Խմբ.), բարեկամական մթնոլորտը իշխէ, քան դիրքաւորումը», յայտնեց Ա. Մովսիսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ զիրենք կը մտահոգէ այն, որ ամբողջ 42 էջնոց  նախագիծին մէջ ընդամէնը 11 տող յատկացուած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, ամենակենսական նշանակութիւն ունեցող ոլորտներէն կրթութիւնն ու գիտութիւնը մէկտեղուած են տեղ մը, որ երբեք մէկտեղելի չեն:

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ, որ դպրոցը աւարտած շրջանաւարտը, որ այսօր զինուոր է, «բոպիկ է գիտելիքէն»։ «Բաներ կան, որ պէտք է պարտադրել: Համոզուած եմ, որ եթէ օրէնքի նախագիծի այդ կէտը մնաց, պարտադրանքը հանուեցաւ, հայոց պատմութիւնն ու հայոց լեզուն բոլոր հիմնարկներէն դուրս կու գայ», ընդգծեց ան:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կոչ ուղղեց դասախօսներուն՝ եզրակացութիւններ կատարելու բացառապէս փաստերու հիման վրայ:

«Այս իշխանութեան հիմնական սկզբունքը եղած է, որ չկայ որեւէ հարց, որ  կարելի չէ քննարկել, չկայ այնպիսի իրավիճակ, որ լուծումներ չունի: Իմ հասցէին կը հնչեն մեղադրանքներ, որոնք կը կարծեմ ճիշդ չեն: Եթէ մենք փափաքէինք առանց քննարկումներու հարցը առաջ տանիլ, ապա այդպէս ալ կ՛ընէինք: Ես չեմ գիտեր, թէ ուրկէ բերած էք, թէ որեւէ զիջում չի կրնար ըլլալ: Մենք պատրաստ ենք քննարկումի», հաստատեց ան։

Նախարարը տեղեկացուց, որ առաջարկուող օրէնսդրական փոփոխութիւններուն մասին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ամփոփ որեւէ փաստաթուղթի մէջ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան դասաւանդման համար որեւէ դիտողութիւն չէ եղած:

«Մեզի եկած են Պատմութեան հիմնարկի դիտարկումները, Բանասիրականէն ոչինչ  ստացած ենք: Շատ կը ցաւիմ, որ այս ամբողջ գործընթացին մէջ կը հնչէին միակողմանի դիտարկումներ», շեշտեց նախարարը: