Պատմութեան ընթացքին մարդ արարածին ինքնութիւնը որոշողը եղաւ աշխատանքը: Աշխատանքին սկզբնական հիմը եղաւ պատիժը, երբ մարդը անհնազանդ գտնուեցաւ: Աշխատանքը այն դուռն է, որ բոլորին առջեւ բաց է, որովհետեւ այդ դռնէն ներս մտնող մարդը իր կեանքը կրնայ ապահովել, սակայն միեւնոյն ժամանակ ան կշիռք մըն է, որ իւրաքանչիւր անձի տարբեր արժէք մը կու տայ: Հետեւաբար մեր մտքին մէջ կը ծագի այն հարցումը, թէ արդեօ՞ք միայն աշխատանքով է որ մարդ ցոյց կու տայ իր արժէքը, եւ արդեօ՞ք մարդ արարածը աշխատանքը որպէս պատիժ յառաջ կը տանի:
Դարեր առաջ աշխատանքը կը վերաբերէր միմիայն ստրուկներուն, որոնք մարդ արարածի արժէք չունէին, որովհետեւ անոնք առարկայի համազօր էին. եւ այդ իսկ պատճաոով Պղատոն կը դատապարտէր աշխատանքը, որովհետեւ ըստ իրեն. «Աշխատանքը մարդ արարածը կը հեռացնէ խոկումէն», այլ խօսքով աշխատանքը կը փտեցնէ մարդուն միտքը, որովհետեւ այն մարդը, որ կ’աշխատի չի մտածէր, միմիայն կը հետաքրքրուի նիւթով եւ հեռու կը մնայ միտքերու աշխարհէն եւ խոկումէն: Աւելին՝ նկատի ունենալով, որ աշխատողը միայն նիւթով հետաքրքրուած է, ան չի կրնար փիլիսոփայել:
Արիստոտել նոյնպէս կը դատապարտէ աշխատանքը: Ան կ’ըսէ. «Աշխատանքը շղթայ մըն է, որ ունի չորս օղակ.- նիւթը՝ անշարժ գործիք (անկենդան), շարժումը, կենդանի գործիքն ու տէրը. (կենդանի գործիքը ստրուկն է)»: Ստրուկը կենդանի գործիք կը կոչուի, որովհետեւ կը շարժի, իսկ այլ իրեր չեն շարժիր: Աշխատանքը մարդը կը վերածէ գործիքի: Ըստ Արիստոտելի. «ստրուկը կը բանի այնպէս ինչպէս գործիքը կը բանի»:
Այս աշխատանքին ձեւը, որ կը ստրկացնէ մարդը եւ զայն կը վերածէ գործիքի, դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցած է: Այլ խօսքով՝ այս աշխատանքին կերպը ժխտական ազդեցութիւն ունի մարդուն վրայ: Աշխատանքը առաքինութիւն ըլլալու փոխարէն կը վերածուի չարչարանքի, այլ խօսքով՝ դժոխային արարքի: Այս պարագային, աշխատանքը ինքնին չարչարանք է:
Յունական դիցաբանութեան մէջ գոյութիւն ունի Sisyphe-ը: Sisyphe-ը այն անձն է, որ դատապարտուած է տաժանագին պատիժի. անոր պատիժն է մեծ ժայռ մը զարիվեր բարձրացնել: Այս մէկը անկարելի է, որովհետեւ ինչքան ալ մարդը չարչարուի եւ այդ ժայռը գագաթ հասցնէ, ժայռը դարձեալ վար պիտի գլորուի եւ մարդը կրկին պիտի չարչարուի այդ ժայռը վեր հասցնելու համար:
Պատիժի եւ չարչարանքի առաջին գաղափարը կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ, երբ Աստուած Ադամին կ’ըսէ. «Ճակտի քրտինքովդ ուտես քու հացդ», այսինքն ան պէտք է որ չարչարուի, որպէսզի յաղթահարէ սովութիւնն ու մահը: Մինչեւ այսօր մօր մը ծնունդ տալու օրը կը կոչուի Labօr day, որ կը նշանակէ աշխատանքի օր եւ ըսել կ’ուզուի, թէ աշխատանքը համազօր է չարչարանքի: Այս բոլոր չարչարանքներուն եւ տանջանքներուն կողքին, աշխատանքը մարդուն կեանքէն ներս յեղաշրջում կը կատարէ: Գերմանացի փիլիսոփայ Մարքս կը խօսի Alienation-ի մասին, որ կը նշանակէ, թէ մարդ այլեւս ինքնզինք կը սկսի չճանչնալ: Մարդ արարածը մեքենան ստեղծեց, որպէսզի իր կեանքը աւելի դիւրանայ, սակայն հակառակը եղաւ՝ մարդը դարձաւ մեքենային գերին եւ մեքենան սկսաւ կառավարել մարդը, ինչպէս օրինակ՝ ազդալոյսերը. մարդը ստեղծեց զանոնք, սակայն ան է որ կը կառավարէ, ոչ թէ միայն մէկ հոգի, այլ ամբողջ քաղաք մը: Այսպիսով ի յայտ եկաւ Machinisme-ի գաղափարը: Մեքենաները եկան մարդը մեքենայացուցին անոր հանգստութիւն պարգեւելու փոխարէն, եւ որոշ ժամանակ մը ետք ան ինքզինք կորսնցուց եւ ինքնիրեն օտարացած զգաց:
Ճիշդ է որ Աստուած պատժեց Ադամը, սակայն այդ պատիժը կամաց-կամաց վերածուեցաւ դրական դաստիարակութեան: Աստուած մարդուն տուաւ դաստիարակչական պատիժ, ոչ թէ պարզապէս պատիժ մը: Այդ պատիժը վերածուեցաւ արժէքի: Աստուած մարդը պատժեց, որպէսզի անոր շնորհէ երկրորդ առիթ մը ինքզինք սրբագրելու համար:
Աշխատանքը սեփականութիւն ձեռք բերելու միջոց է նաեւ: Եւ այդ սեփականութիւնը միայն նիւթական չէ: Իւրաքանչիւր անձ իր աշխատանքին արդիւնքը կը վաստակի, ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ ըսուած է «Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես»: Աշխատանքը մեզի սեփականութեան իրաւունք կու տայ:
Աշխատանքը ինքնին դատապարտելի չէ, այլ աշխատանքին ոչ-մարդկային պայմանները դատապարտելի են: Աշխատանքը արժէք մըն է եւ այդ իսկ պատճառով Մարքս կը դատապարտէ աշխատանքին ոչ-մարդկային պայմանները:
Աշխատանքը ինքնին արժէք է: Աշխատանքը դրական բան է, մինչ պայմանները երբեմն՝ ժխտական: Այս բոլորին կողքին աշխատանքը նաեւ յառաջդիմութեան եւ զարգացման աղբիւր է: Աշխատանքով է, որ մարդ կը զարգանայ ուսումի կամ այլ ասպարէզներու մէջ: Միայն աշխատանքով կարելի է խոպան դաշտը վերածել բերրի դաշտի: Լատինները այս ուղղութեամբ կ’ըսեն. «Իւրաքանչիւր անձ իր պարտէզը պէտք է մշակէ», այսինքն՝ իր կեանքը: Իւրաքանչիւր անձ ինքնաշխատութեամբ բարձր դիրքերու կը հասնի իր կեանքին մէջ:
Ֆրասնացի փիլիսոփայ Էմմանուէլ Մունիէ ըսած է. «Աշխատանքը կը ձգտի կատարելագործել մարդը եւ արարկան միաժամանակ»: Այս կը նշանակէ, որ երբ մէկը կ’աշխատի, թէ՛ կը բարելաւէ եւ կը կատարելագործէ իր աշխատանքը եւ թէ կը բարելաւէ ու կը կերտէ իր անձը: Աշխատանքը կը կերտէ անհատականութիւնը: Երբ պարտէզը կը մշակես, կը դառնայ բերրի եւ դուն այդ է որ դարձեալ կը մշակես:
Ըստ Հէկէլի, ամբողջ մարդկային պատմութիւնը տիալէքթիք է: Երբ ստրուկը կ’աշխատի, փորձութիւն ձեռք կը ձգէ եւ գիտութիւն կ’ամբարէ, եւ այնքան կը զարգանայ, որ տէրը իրմէ կախեալ կ’ըլլայ եւ ոչ թէ հակառակը: Որովհետեւ տէրը չ’աշխատիր եւ միայն կը հրամայէ, իսկ ստրուկին կ’աշխատի. այսպիսով կու գայ օր մը, երբ տէրը առանց ստրուկը ոչինչ կրնայ ընել: Աշխատանքով է, որ ստրուկը իր շղթան կը կտրէ եւ կ’ազատի: Այլ խօսքով, ստրուկը իր աշխատանքով տէ՛ր պիտի ըլլայ, իսկ տէրը՝ ծառայ:
Աշխատանքը արժէք ըլլալուն կողքին արժէք ծնող աղբիւր է: Աշխատանքի ճամբով է, որ մարդ ինքզինք կը կերտէ: Աշխատանքին մէջ մարդ կը սորվի ուշադիր, համբերատար եւ յարատեւող ըլլալ: Աշխատանքով է, որ մարդ կը զօրացնէ իր կամքը եւ արժէքներ կ’իւրացնէ: Ֆրանսացի քաղաքագէտ Ժան Ժորէս ըսած է.«Աշխատանքը ստեղծագործ բան մըն է, որուն մէջ կը յայտնուի մարդուն գիտակցութիւնը»: Աշխատանքը միայն ֆիզիքական շարժում չէ, այլ ստեղծագործ բան մըն է. աշխատանքով է, որ կը զարգանանք, կը բարելաւուինք, կը ստեղծենք ու կը հնարենք:
Ուստի կու գանք այն եզրակացութեան, որ աշխատանքը չարչարանք չէ, այլ առիթ մըն է եւ կամ պատճառ մը, որուն միջոցաւ կրնանք իսկական մարդ դառնալ: Չարչարանքը աշխատանքին մէջ պէտք չէ ժխտական նկատենք (երբ ազատ ենք), որովհետեւ աշխատանքով փորձառութիւն կը շահինք եւ աւելի ինքնավստահ կ’ըլլանք:
Սարգիս Սարգիսեան