ՀԱՅԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՈՐԱԿ
Փորձը ցոյց տուած է, որ հայկական դպրոցները պետական ամբողջական ծրագիրները լիովին ընդունելով եւ իրագործելով հանդերձ, երկրի լաւագոյն դպրոցներու կարգին դասուելով հանդերձ՝ յաջողեցան հայերէնը ընդունելի մակարդակի վրայ պահել, հայախօսութիւնը պատշաճ մաքրութեամբ դպրոցէն տուն վերադարձնել, ոչ թէ որովհետեւ հայերէնի լաւ ուսուցիչ կամ ուսուցիչներ ունէին միայն, այլ որովհետեւ դպրոցը նախ եւ առաջ ունէր եւ ունի պաշտօնէութեան մէջ հիմնական ու պատասխանատու հայախօս քանակ մը, որ միահամուռ կերպով կը հետեւի աշակերտութեան հայերէն բանաւոր խօսքին եւ անոր մաքրութեան: Դպրոցը ունի հայերէնը ներքին կեանքին մէջ հաղորդակցութեան միակ լեզուն վերածելու մարտավարութիւն: Ասոր համար բծախնդրութեամբ կ’ընտրէ իր պաշտօնէութիւնը: Առանձնացնենք.
1.- Հայախօս պաշտօնէութիւն՝ վարորդ, դռնապան, հսկիչ, քարտուղար-հաշուապահ, տնտես-տնտեսուհի, տարրալուծարանի եւ գրադարանի պատասխանատու եւ այլն: Ոչ հայախօս հայկական վարժարանը թիւրիմացութիւն է: Փոքրիկը դպրոց գալու ճամբուն վրայ եւ դարպասին մօտ ու առաւել եւս՝ շրջափակին մէջ պիտի զգայ, որ ասիկա ի՛ր դպրոցն է եւ իրը՝ հայերէնն է: Օթոքարի վարորդը կանգառին վրայ ժպտացող «բարի լոյս»ով պիտի ընդունի քնատ աշակերտը եւ երթեւեկութեան կանոններու մասին ի հարկէ հայերէնով պիտի խօսի, դռնապան «հայրիկը» հայերէնով պիտի դիմաւորէ փոքրիկները դպրոցէն ներս, հսկիչ ուսուցիչները պիտի հետեւին բակին մէջ խօսող-խնդացող, բողոքող-դժգոհող տղոց իւրաքանչիւր բառին, քարտուղար-հաշուապահէն փոքրիկը պիտի սորվի հաշուապահ, քարտուղար, անձնագիր, փաստաթուղթ, ընտանեկան տետրակ, մասնավճար եւ այլ բազում բառեր, տնտես մայրիկն ու հայրիկը պիտի չունենան այն ըմպելիներն ու ուտեստները, որոնց հայերէնը չհնչէ տղոց շրթներէն: Հապա ի՛նչ ահաւոր բան է, եթէ դպրոցի գրադարանավարը հայերէն կարդալ չի գիտեր, հայ թերթերէն բան չի հասկնար, հայ գրականութեան ինչ ըլլալը չի գիտեր: Ես շատ լաւ գիտեմ այն աւերը, որ կը ստեղծեն դպրոցի այս պաշտօնեաները իրենց օտարախօսութեամբ կամ օտար բառերով ու գռեհկանութեամբ լեցուն հայերէնով:
2.- Հայախօս ու իրենց մարզերուն մէջ հայագիտական պատշաճ պաշար ունեցող մարզանքի, երգի եւ երաժշտութեան, համակարգիչի, արուեստի եւ նկարչութեան դասանիւթերու ուսուցիչներ: Այս նիւթերը ամէն տեղ պետական կրթական ծրագիրին մաս կը կազմեն, բայց հանգիստ կերպով կրնան դասաւանդուիլ հայերէնով ու հայ բովանդակութեամբ: Հիմա պատկերացուցէք, որ օտարախօս ուսուցիչը դասարան կը բերէ ծաղկաման մը եւ մէջը՝ կակաչ մը: Աշակերտները ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի սորվին, որ այս ամանը ծաղկաման է, ծաղիկը կակաչ է, ծաղիկին հասակը՝ կոթուն, յետոյ տերեւ, փերթեր ու բաժակ եւ նեկտար. յետոյ հասկնալ բուրել, հոտիլ ու հոտոտալ բառերուն տարբերութիւնը: Չէ՞ որ գիտութիւն կամ իրագիտութիւն դասանիւթը ինք կ’անցնի օտար լեզուով: Ա՛լ չենք խօսիր գոյներուն, գոյներու, խառնուրդին, վրձինին, ներկատեսակներուն ու երանգապանակին մասին…Ալ ո՞ւր պիտի ճանչնայ դպրոցականը, որ Յովհաննէս Այվազովսկին, Մարտիրոս Սարեանը, Գառզուն իր նկարիչներն են: Պատկերացուցէք, որ մարզանքի ուսուցիչը օտարախօս է կամ իր հայերէնը կը խճողէ տուեալ պահու մարզական օտար բառերով: Սարսափելի շատ: Անոր պարտականութեան մէջ չի՞ մտներ մարմնամարզութեան պահուն մարդակազմութեան յատուկ բառերու գործնական փոխանցումը, հայկական թերթի մը կամ կայքի մը մարզական էջին ծանօթացումը, մարզական պատի թերթ մը պատրաստել տալը աշակերտներուն: Չծաւալինք, բայց հաստատենք, որ այսպիսի դպրոցները միայն սփիւռքահայ դպրոցներ են, հնարաւոր ամէն միջոց ու հնարաւոր պահ հայերէնխօսութեան մղող, աշակերտութեան լեզուն հարստացնող, մաքրող ու հայերէնի հանդէպ պատասխանատուութիւն արթնցնող դպրոց: Ես չեմ կրնար համակերպիլ այն գաղափարին հետ, որ հայ դպրոցը աւարտած է իր պարտաւորութիւնները եւ ա՛լ ընելիք չունի: Կը ճանչնամ այդ պարտաւորութիւնները երբեք չկատարած ու չկատարող դպրոցներու խաժամուժ մը: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն այդ դպրոցները՝ յարանուանական համայնքի մը պահպանումի՞ն, կուսակցական շարքայիններ պատրաստելո՞ւն: Միւս կողմէ՝ ես կը ճանչնամ դպրոցներ, ուր պարբերաբար այս պաշտօնէութիւնը ժողովի կը հրաւիրուի ճիշդ այս հարցը օրակարգ ունենալով: Նկատողութիւններ կը տրուին, պահանջք կը ներկայացուի, բառացանկեր կը տրամադրուին պաշտօնեաներուն, լեզուական արատներ կը մատնանշուին: Բառացանկեր կը տրամադրուին աշակերտութեան, կը հրահանգուի թուաբանութեան, կենսաբանութեան, երկրաբանութեան ու պետութեան մասին թարգմանաբար (չափազանց կարեւոր) պատի թերթեր պատրաստել: Դպրոցի իւրաքանչիւր պաշտօնեայ գիտակից է իր այդ պարտականութեան եւ ոչ թէ պատասխանատուութիւնը կը բարդէ հայերէնի ուսուցիչին վրայ, բայց կը դիմէ անոր օգնութեան:
Կար ժամանակ, երբ դպրոցները կը ճանչցուէին տնօրէնի անունով, Կրթասիրացի փոխարէն «Պօղարեանի դպրոց» կ’ըսէին, Ուսումնասիրացի փոխարէն «Լեւոնեանի դպրոց» կ’ըսէին, Յովակիմեան-Մանուկեանի փոխարէն «Թոփճեանի դպրոց» կ’ըսէին, ինչպէս որ «Պէրպէրեան» կը կոչուէր արդէն իր իսկ կենդանութեամբ գործող Ռեթէոս Պէրպէրեանի հիմնած ու վարած դպրոցը: Անոնք ունէին հայագիտական ու մանկավարժական հսկայ հմտութիւն՝ դպրոցավարական ու կազմակերպչական մեծ կարողութիւններու կողքին: Հիմա մեր տնօրէններէն չ’ակնկալուիր հայագիտական բաժինը լիցքաւորել, մանկավարժօրէն ճանապարհ բանալ դասատուներուն առջեւ, բայց անոնք առնուազն կազմակերպիչներ են, որ կրնան սփիւռքահայ դպրոցին դիմագիծ ու բովանդակութիւն տուող քայլեր առնել: Տնօրէնով պայմանաւորուած է քննարկումներու դաշտի գոյութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը որոշ ուղղութիւններով զօրաշարժի ենթարկելու գործը:
Ահա այսպիսի դպրոցավարութեան պայմաններու վերստեղծման կարիք ունի սփիւռքահայ արդի դպրոցը եւ իր հնարաւորութիւնները լաւագոյն կերպով գործածելու անհրաժեշտութիւն:
3.- Արտադասարանային եւ հայկական վարժարաններու ցանցի առկայութեան պարագային՝ միջդպրոցական միջոցառումներու, աշակերտական ինքնագործական ու խմբական աշխատանքներու կազմակերպում՝ թատերական ու երաժշտական ներկայացումներ, աշակերտական թերթի հրատարակութիւն, ասմունքի, ընթերցանութեան, ուղղագրութեան, բառագիտութեան, շարադրութեան, բանաւոր խօսքի, հայ երգի, Հայաստանի աշխարհագրութեան, Հայոց պատմութեան մրցումներ: Հոս է, որ երեւան կու գայ աշակերտին շնորհքն ու տաղանդը, հոս է, որ աշակերտին մէջ կը ծլի ու կը ձեւաւորուի հակում մը, այսինքն սուր ու մնայուն հետատքրքրութիւն մը հայագիտական որեւէ մարզի նկատմամբ: Պատկերացուցէք, եթէ չըլլային մեր աշակերտական պարբերաթերթերը՝ ուրկէ՞ պիտի ձեւաւորուէին սփիւռքահայ (ոչ միայն) հայ մամուլի, գրականութեան այսօրուան երախտաւորները: Կը նայիմ մեր այսօրուան գրական դաշտին, ու կը տեսնեմ, որ օրինակ, որքան շատ են Ալեփփօ Գոլէճի «Գրասէր», Այնճարի աւետարանական վարժարանի «Շիրազ», Յառաջ վարժարանի «Մուսա Լեռ», Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի «Բամբիռ» ու «Ծիլեր», Մելգոնեան հաստատութեան «Այգ», Քուէյթի վարժարանին «Ծիծեռնակ» եւ բազում ուրիշներու էջերուն մէջ մկրտուած մեր գրականութեան ու հայագիտութեան երախտաւորները, բառ ու բանի ծառայողները: Ամէնէն տարեցներէն մինչեւ ամէնէն երիտասարդները. անուններ չտանք: Լաւ է որ կարգ մը դպրոցներ տակաւին պատնէշի վրայ են: Ահաւասիկ գեղեցիկ աւանդութիւններ,զորս նորովի ու պարտադիր կերպով պիտի պահէ դպրոցը: Միայն այդպիսով կ’ապրի ու զարգացման ընթացք կ’ունենայ դպրոցը:
4.- Արտադպրոցական եւ կիրակնօրեայ շրջապատ՝ սկաուտական-մարզական ակումբներ, կիրակնօրեայ հոգեւոր դպրոց, դպրաց դաս եւ այլն: Գաղտնիք չէ, որ մեր դպրոցները, գրեթէ ամէնուր, ունին արձակուրդային օրերուն աշակերտները ուղղելու տեղեր, եւ գաղտնիք չէ նաեւ, որ արտադպրոցական այդ միջավայրերը իսկական դպրոց եղած են նախորդ սերուդներուն: Այդ հնարաւորութիւնը ունին գրեթէ մեր բոլոր ամենօրեայ դպրոցներուն աշակերտները, եւ ոչ միայն: Այդ առաքելութիւնը կ’ակնկալուի մեր բոլոր պատանեաց ու պարմանուհիներու միութիւններէն, կիրակնօրեայ հոգեւոր դպրոցներէն, դպրաց դասերէն: Երբեք կարեւոր չէ մեր անհատական մօտեցումը, թէ ի՛նչ կը կարդան, ի՛նչ կը լսեն հոն, կարեւորը միայն հայերէնով շփումն է: Դեռ վերջերս կը խօսէի միջազգային լրատուական գործակալութեան մը թղթակիցին հետ, որ հայկական դպրոց չէ յաճախած, մօր կողմէ միայն հայ է, բայց ըլլալով ՀՄԸՄ-ի զաւակ՝ սահուն հայախօս է ու Հայ Դատի գիտակ մարտիկ մը իր ասպարէզին մէջ:
Ի հարկէ, դպրոց-միութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ աշակերտի արտադպրոցական առօրեայի կազմակերպումը:
Դժբախտաբար մեր դպրոցներու մեծամասնութիւնը ունենալով հանդերձ այսպիսի պայմաններ ստեղծելու հնարաւորութիւն՝ հայերէնախօսութեան եւ հայերէնի ուսուցման ամբողջ գործը վստահած է միայն հայերէնի ուսուցիչին եւ անոր տրամադրուած առաւելագոյնը 4-6 ժամերուն: Ո՞վ է եւ ի՞նչն է պատճառը, որ Պուէնոս Այրէսի, Ֆրեզնոյի, Սան ֆրանչիսքոյի, նոյնիսկ Պոսթընի եւ Տիթրոյտի գերազանցապէս հայախօս ընտանիքներու զաւակները հայկական վարժարանին մէջ իսկ օտարախօս են: Ի՞նչ կ’ընէ ուսուցչակազմը, ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակէ տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը ի՞նչ դէմքերով կը համալրէ պաշտօնէութիւնը: Ի՞նչ պահանջք կը դրուի հայ դպրոցին վրայ: Ասիկա ամէնէն տխուր երեսն է շատ դպրոցներու:
Հայկական դպրոցները մեծ ճիգ չեն թափած հայերէնախօսութիւնը հայերէնի դասարանէն դուրս հանելու եւ ստիպած, որ հայկական դպրոցին մէջ ամէնէն օտարոտի ուսուցիչը մնայ հայերէնի դասատուն՝ անօգնական մեղադրեալը:
Յակոբ Չոլաքեան