«Ակունք».- Թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սեբաստիոյ  Կիւրիւն գաւառի 19-րդ դարու սկիզբներուն կառուցուած հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Թուրքիոյ մշակութային հարստութիւններու եւ թանգարաններու գլխաւոր տնօրինութեան կողմէն վերականգնուելէն ետք, պիտի յանձնուի Կիւրիւնի գաւառապետարանին եւ պիտի օգտագործուի որպէս թանգարան:

Աղբիւրին համաձայն, տուեալ շրջանի ամենամեծ եկեղեցիներու շարքին դասուող Սուրբ Աստուածածինը, ըստ Կիւրիւնի գաւառապետ Նամի Չիֆթչիի, պիտի վերանորոգուի Թուրքիոյ մշակութային հարստութիւններու եւ թանգարաններու գլխաւոր տնօրինութեան տրամադրած 3 միլիոն 984 հազար թրքական լիրա գումարով:

Եկեղեցին  շրջան մը օգտագործուած է նաեւ որպէս բանտ, թատրոն, պահեստանոց եւ հարսանեկան սրահ: 2615 քմ. տարածք ունեցող եկեղեցին, վերականգնուելէն ետք պիտի վերածուի քաղաքային թանգարանի, ուր տեղի պիտի ունենան նաեւ մշակութային ձեռնարկներ:

Կիւրիւնի գաւառապետը նաեւ յոյս  յայտնած է, թէ այդ ամէնուն շնորհիւ գաւառը մեծապէս կը շահի, եւ թանգարանի վերածուած հայկական եկեղեցւոյ միջոցով տուեալ շրջանին մէջ զբօսաշրջութիւնը կը զարգանայ:

Թարգմանեց
Մելինէ Անումեան