«Ապառաժ».- Այս օրերուն Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանէն ներս 2020-ի գլխաւոր տնտեսական փաստաթուղթին շուրջ քննարկումներ կ’ընթանան:

25 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ տեղեկատուութեան ոլորտի տնտեսութեան շուրջ քննարկումներուն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Ռիթա Մնացականեան Իրանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու շուրջ հարցումներ ուղղեցին:

Դաւիթ Իշխանեանի մտահոգութիւնը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման կը վերաբերէր: Հարցումին ի պատասխան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտնած է, որ վերջին շրջանին աշխատանքներ կը տարուին եւ  որոշակի արդիւնքներ արձանագրուած են տնտեսական ոլորտին մէջ:

«Ներկայ փուլով երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը հիմնականօրէն տնտեսական ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Սակայն Արցախի Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան հետ միասնաբար կը նախատեսենք գալիք տարուան վերջաւորութեան, Շուշիի պարսկական մզկիթի տարածքին ստեղծել հայ-իրանական գիտամշակութային կեդրոն, որ իր ներդրումը պիտի ունենայ  յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն», ըսած  է Մասիս Մայիլեան:

Ռիթա Մնացականեանի հարցումը վերջին ժամանակաշրջանին Ատրպէյճանի կողմէն Իրանի հակաարցախեան քարոզչութեան ընդլայնման շուրջ էր: Պատգամաւորին խօսքով` հաղորդաշարերու միջոցով Արցախը որպէս ագրեսոր (նախայարձակ«Գ.») ներկայացնելու Ատրպէյճանին անհրաժեշտ է հակադարձել պարսկերէն հաղորդաշարերով` Արցախեան հարցը ճշգրիտ կերպով բարձրացնելու եւ ներկայացնելու համար:

ԱԳՆ նախարարը ողջունած է պատգամաւորին առաջարկը` դիտել տալով, որ կարելի է կազմակերպել նման հաղորդաշար Իրանի մէջ առկայ քարոզչական այլ աղբիւրներու միջոցով: Իսկ Արցախի Հանրային Պատկերասփիւռի ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արսէն Աստամեան իր կարգին պատրաստակամութիւն  յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ ըստ հնարաւորութիւններուն նիւթեր տրամադրելու: