Պատերազմի բովէն տակաւ դուրս եկած սուրիահայութիւնը վերականգնումի իր աշխատանքները սկսաւ հայկական դպրոցներու վերանորոգութեամբ։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Միացեալ վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2019-ին կատարուեցաւ վարժարանի վերանորոգուած կառոյցին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ՝ դոկտ. Նորա Արիսեան եւ տիար Խալիլ Թոհմէ,Նախագահական պալատի ներկայացուցիչներ, ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդր. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, աշակերտութեան ծնողքը եւ դամասկահայ ազգայիններու հոծ բազմութիւն մը:
Դպրոցի մուտքին, սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, աշակերտութեան եւ ժողովուրդին կողմէ: (Աշակերտները Սուրիական դրօշակներու, բարի գալուստի եւ երախտագիտական խօսքերով պաստառներ բարձրացուցին, շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահին, Առաջին Տիկնոջ, սրբազան հօր եւ հիւրերուն)։
Սրբազան հայրը դպրոցի մուտքին օրհնեց ներկաները, ապա աղօթքով հատեց բացման ժապաւէնը, որմէ ետք սրբազան հայրը, իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպանը շրջեցան դասարանները եւ ծանօթացան վարժարանի բոլոր բաժիններուն:
Այնուհետեւ հիւրերը ուղղուեցան դպրոցի շրջափակ, ուր համախմբուած էր ժողովուրդը:
Նախքան հանդիսութիւնը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը, ապա աշակերտները երգեցին Սուրիոյ քայլերգը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ:
Դպրոցի տնօրէնուհին բարի գալուստի խօսք արտասանեց, երախտագիտութիւն յայտնելով Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին եւ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին, որոնց անմիջական օժանդակութեամբ վերանորոգուեցաւ կրթական այս օճախը:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար:
Յաջորդաբար երախտագիտական խօսքեր արտասանուեցան։
Նախ խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ատոմ Սանոսեան։ Ան դիտել տուաւ, որ հայ դպրոցը Սփիւռքի տարածքին ոչ միայն ուսում ջամբեց, այլեւ մարդ կերտեց, նորահաս սերունդները զինեց Հայոց պատմութեան խորհուրդներով։ Ապա յայտնեց, որ 90-ամեայ այս դպրոցին կառոյցը կարելի եղած է գնել շնորհիւ գաղութիս ազգայիններու նուիրատուութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան։
Ապա խօսք առաւ «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան, որ նախ անդրադարձաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի հիմնադրութեան, դիտել տալով որ վարժարանին կառուցման արտօնագիրը առնուեցաւ 2004-ին եւ սկսաւ շինարարական աշխատանքը Սուրիոյ նախագահին զօրակցութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ եւ ազգային բարերարներու աջակցութեամբ։ Մեր նպատակն էր կառուցել արդի չափանիշներով ժամանակակից դպրոց մը, քայլ պահելու ուսումնական եւ գիտական յառաջընթացին հետ։ Ուրֆալեան շարունակելով ըսաւ, որ վարժարանին բացումը կատարուեցաւ 2011-ին, սակայն Սուրիոյ պատերազմին բերումով, աշակերտները միայն մէկ տարի վայելեցին իրենց նորակառոյց վարժարանին բարիքները։ Պատերազմի օրերուն կառոյցը մեծ վնասներ կրեց, ապա Սուրիոյ նախագահին անմիջական աջակցութեամբ վերանորոգուեցաւ ու շրջանի ապահովութեան վերահաստատումով վերընդունեց իր աշակերտները։
Ուրֆալեան ըսաւ, որ այսպիսի դպրոց ունենալը դամասկահայերուն երազն էր, որ իրականացաւ Սուրիոյ նախագահին անվերապահ աջակցութեամբ ու քաջալերանքով։ Հուսկ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահին՝ վարժարանի վերաշինութեան իր բերած նպաստին եւ մշտական քաջալերանքին համար ու երախտագիտութիւն՝ բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին վերականգնելու հայկական այս արդիական վարժարանը։
Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ. «Նախագահին խօսքին համաձայն, պատերազմը փորձառութիւն մըն է, որմէ դուրս պէտք է ելլենք աւելի զօրացած։ Մենք պարտութեան մատնեցինք ահաբեկչութիւնը, յաղթեց լոյսը, գիտութիւնը եւ իրաւունքը, շնորհիւ սուրիական քաջարի բանակին մարտնչումներուն, զոհողութեան եւ Սուրիոյ նախագահին իմաստութեան։ Նախագահին նուիրաբերումը մեզ յաւելեալ պատասխանատուութեան դիմաց կը կանգնեցնէ, զարգացնելու ուսումնակրթական գործընթացը եւ բարձրացնելու անոր մակարդակը։ Պատասխանատու ենք բոլորս՝ կրթական մշակներ, պատասխանատուներ, հայկական միութիւններ՝ ուժեղ սերունդներ պատրաստելու։ Սերունդներ, որոնք պիտի հպարտանան իրենց սուրիական քաղաքացիութեամբ։ Կը վստահեցնենք ձեզ, մեծարգո՛յ նախագահ, որ հաւատարիմ պիտի մնանք մեր ուխտին, հպարտ՝ Սուրիական Հայրենիքին մեր պատկանելիութեամբ, կատարելով մեր քաղաքացիական բոլոր պարտաւորութիւնները։ Սուրիահայերս Սուրիոյ մէջ մշակութային բազմազանութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսացանք։ Շնորհաւոր ըլլայ բոլորիս այս դպրոցը, մեր եզակի ձեռքբերումը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ եւ ուժի եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ մեր նախագահին՝ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին»։
Արիսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ շինարարական յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս կառոյցին ապաքինման։
Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հայութիւնը ունեցած է զարգանալու, զարգացնելու եւ յատկապէս իր դպրոցները առաջատար պահելու բոլոր տուեալները, իսկ երկրիս նախագահը քաջալեր հանդիսացած է մանաւանդ կրթական հաստատութիւններուն, առողջ սերունդներ ունենալու հեռանկարով։ Ան շեշտեց հայեցի կրթութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ, որպէս Սուրիոյ քաղաքացիներ, մեր պարտաւորութիւնները լիուլի կատարելու կարեւորութիւնը, հաստատելով, որ սուրիահայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Սուրիական Հայրենիքին, ջատագովը կը հանդիսանայ երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ պետութեան գերիշխանութեան։ Հուսկ ան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին, դիտել տալով որ մենք հպարտ ենք մեր քաղաքացիութեամբ եւ յանձնառութեամբ պիտի մասնակցինք երկրի վերաշինութեան աշխատանքներուն։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը։ Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ իւրաքանչիւր քաղաքի, իւրաքանչիւր գիւղի մէջ հայը ունի իր հետքը եւ իր կառուցողական մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումին։ «Հայը իր շինարար բազուկով շինեց, օտարը քանդեց, հայը կառուցեց եւ հաւատարիմ եղաւ իր լեզուին եւ մշակոյթին, միաժամանակ հաւատարիմ մնաց Սուրիական Հայրենիքին։ Այս հայրենիքը կեանք տուաւ հայուն եւ Տէր Զօրը հայութեան յարութեան խորհրդանիշը դարձաւ: Հակառակ մերթ ընդ մերթ յառաջացող տնտեսական տագնապին եւ պատերազմի բազում հետքերուն, հայը ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, ահաւասիկ անգամ մը եւս դպրոց կը նորոգէ շնորհիւ երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի օժանդակութեան եւ հայուն անկոտրում կամքին։
Սուրիոյ ներկայ տագնապալի օրերուն, սուրիահայութիւնը մասնաւորաբար կը մերժէ ամէն տեսակի օտար միջամտութիւն, կը հաւատայ, որ երկրի ապագան ճշդողը իր ժողովո՛ւրդն է»։
Ապա սրբազան հայրը աղօթեց առ ամենաբարին Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ Սուրիական Հայրենիքը, վսեմաշուք նախագահը՝ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատը, որ պաշտպանն է այս հայրենիքին, պաշտպանն է սուրիահայութեան եւ պաշտպանն է մեր ազգային եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն:
Այս առիթով սրբազան հայրը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը, աւելցնելով որ այս կառոյցը սովորական կառոյց մը չէ, այլ՝ յուշարձան մըն է, որ կը պատմէ մեր յաղթանակներուն մասին:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի քայլերգով, աշակերտներուն կատարողութեամբ:
Թղթակից