Թուրքիոյ մէջ 2,5 միլիոն տոլարով կը վաճառուի օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ նշանաւոր ճարտարապետ Միմար Սինանի նախագծած Պոլսոյ Պալաթ թաղամասի Այաքափը բաղնիքը (համամ):
Թուրքիոյ քաղաքացիները դէմ են 437 տարուան արժէքաւոր հնութիւն ունեցող այդ բաղնիքի վաճառքին եւ ընդգծած են, որ անիկա պէտք է վերականգնել, ոչ թէ վաճառել:
Աղբիւրին փոխանցմամբ՝ հնամենի բաղնիքը աւերուած է եւ կ’օգտագործուի որպէս ինքնաշարժներ նորոգելու կեդրոն:
Կը յիշուի, որ 1582-ին Օսմանեան սուլթան Մուրատ 3-րդի մայրը ճարտարապետ Սինանին պատուիրած է կառուցել այս բաղնիքը:
1947-ին Այաքափը բաղնիքը սկսած է օգտագործել որպէս փայտանիւթի պահեստ: Այժմ բաղնիքի որոշ մասեր աղբակոյտերով լեցուած են:
Թէեւ պատմական բաղնիքին տանիքն ու պատերուն մէկ մասը քանդուած են, այդուհանդերձ, անիկա կը շարունակէ պահպանել երբեմնի իր շքեղ տեսքը:
Յիշեցնենք, որ ծագումով հայ ճարտարապետ Սինան եղած է Օսմանեան արքունիքի գլխաւոր ճարտարապետը 16-րդ դարուն: Սինան թողած է հսկայական ժառանգութիւն, որ մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն իսլամական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթին համար: Անոր ճարտարապետական գործունէութիւնը տեւած է 50 տարի՝ 1538-1588 Միմար Սինանի անունով սկսած է օսմանեան վերածնունդի պատմութիւնը կամ «իսլամական ճարտարապետութեան դասական ժամանակաշրջան»ը։