Բամբասել չի նշանակեր կարծիք կամ տեղեկութիւն յայտնել անձի մը մասին, այլ՝ բացակայ անձ մը այնպիսի նսեմացնել արտայայտութիւններով, որոնք յաճախ անձի մը ներկայութեան չեն կրնար ըսել։
Դժբախտաբար բամբասանքը այս օրերուս շատ ընդհանրացած է։ Մեր շրջապատին մէջ ալ այս գէշ սովորութիւնը կը տարածուի եւ պատճառ կը դառնայ քինախնդրութեան, ընկերներու միջեւ նեղութեան:
Շատեր յաջողակ անձ մը չհանդուրժելնուն բերումով կը դիմեն քննադատութեան եւ բամբասանքի։ «Ինչպէս՞ կարելի է ընդունիլ անոր յաջողութիւնը եւ չհարուածել զայն», կը մտածեն ներքուստ։
Բամբասանքի մղող ախտերը շատ են:
Նախանձը առաջին պատճառն է չարախօսելու եւ բամբասելու։
Երբ անձի մը առաւելութիւնները, կարողութիւններն ու ձիրքերը ուշադրութիւն կը գրաւեն, ոմանք փոխանակ բարի կամեցողութեամբ գնահատելու անձը եւ անոր օրինակին հետեւելու, կը փորձեն բամբասանքով իրենց չար կամքին գոհացում տալ։
Սակայն խոհեմ եւ զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող անձը նկատի չ’առներ «պարապ խօսքեր»ը եւ իբրեւ գնահատանք ընդունելով զանոնք կը շարունակէ իր ճամբան։
Ոմնաք նախաձեռնելու եւ իրենց ժամանակը մշտապէս օգտաշատ զբաղումներով լեցնելու կամք եւ փափաք չունենալով, կը փորձեն ուրիշներու առօրեայով հետաքրքրուիլ եւ քննադատել զանոնք։
Այսպիսով է որ բամբասանքը զբաղում չունեցող անձերուն «զբաղում»ը կը դառնայ։
Վանայ Պարմաքսզեան
ԺԱ. Կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան