ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթիւր Խաչատրեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին չբացառելով, որ իշխանութիւնները կրնան հեռանալ եւ արտահերթ ընտրութիւններ կրնայ տեղի ունենալ յայտնեց.«Յետյեղափոխական զարգացումները մեզ դէպի փակուղի կը տանին, չի բացառուիր, որ անսպասելի զարգացումներ ըլլան, յստակ է, որ տնտեսական յառաջխաղացք չունինք, արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս յաջողութիւններ չունինք:

Արթիւր Խաչատրեան նկատեց, որ բոլոր ոլորտներէն ներս բազմաթիւ հարցեր կան. «Հարցերէն մէկը, զոր մենք տեսանք, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնն էր, երբ Սփիւռքը չճանչնալու հետեւանքով ունեցանք բաւականաչափ ցած նուիրատուութիւն, այսինքն` սփիւռքահայերու սէրը առ հայրենիք չէ նուազած, բայց մարդիկ պարզապէս չեն գիտեր, ինչպէս աշխատին Սփիւռքի հետ:

Միւս հարցը, որ կը տեսնենք, կրթութեան ոլորտի մէջ է: Փոխանակ անդրադառնան կրթութեան յառաջընթացը խոչընդոտող հարցերուն, Հայոց լեզուի կարգավիճակը կը փորձեն փոխել, որ արհեստածին օրակարգ է. ուսանողներուն երբեք Հայոց լեզուն չի կրնար խոչընդոտել, որ լաւ մասնագէտ դառնան, անհասկնալի է մշակութային քաղաքականութիւնը, այդպէս ալ հասկնալի չդարձաւ, թէ «Յուզանք ու զանգ» նախաձեռնութիւնը ֆինանսաւորելով իշխանութիւնները ի՞նչ մշակութային քաղաքականութեան ջատագով են, ի՞նչ ուղերձ կը յղեն: Կամ, վերջին դէպքը, քաղաքապետարանին նուիրաբերած աղբատար մեքենանաներու մասին, սկիզբէն իշխանութիւնները կը խուսափէին ներկայացնել, յետոյ պարզուեցաւ, թէ նուիրատուութիւնները տրուած են թոյլտուութիւններու դիմաց»:

Արթիւր Խաչատրեանի դիտարկումով յստակ է, որ հասարակութեան համերաշխութիւնը երբեք աւելի ցած մակարդակի վրայ չէ եղած, քան այսօր, «Սիրոյ եւ համերշխութեան» յեղափոխութենէն յետոյ հասարկութեան բաժանարար գիծերը սրած են:

Անոր համաձայն, դատական համակարգի անկախութեան հարցերը լուծելու փոխարէն կը փորձեն դատական համակարգը ենթակայ դարձնել իշխանութիւններուն, վերջ ի վերջոյ ամէն ինչ հակառակ ընթացք  կ’ունենայ իրենց դէմ, որուն  համար հետագային պատասխան կու տան: