ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Միջազգային ֆութպոլի դասաւորման Նոյեմբեր ամսուան հրապարակուած ընդհանուր աղիւսակին մէջ, Սուրիոյ հաւաքականը չորս աստիճան բարձրանալով գրաւեց 79-րդ հորիզոնականը: Կազմը Ասիոյ երկիրներու 11-րդ, իսկ արաբ երկիրներու 8-րդ դիրքը գրաւեց:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ փուլի մրցումներուն , Իթթիհատ 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆթուէն, իսկ Դամասկոսի Ուահտէն 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Հըթթինին: Մնացեալ խումբերը հետեւեալ արդիւնքը արձանագրեցին՝ Թիշրին – Թալիաա 1 -0, Ուասպէ – Ճեզիրէ 2 – 0, Նաուաաիր – Սահէլ 4 – 0, Քարամէ – Ճապլէ 2 – 0, Ճէյշ – Շրթա 2 – 1:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Դամասկոս ժամանեցին Պասքեթի Միջազգային Ֆետերասիոնի Ասիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչներ՝ Յովսէփ Սէրայտարեան եւ Ռաֆֆի Գասապեան, մօտէն հետեւելու Դամասկոսի պասքեթի մարզադաշտերու պատրաստութեան, նախքան Ասիոյ մրցաշարքերու կայացումը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Էտկար Ղուկասեան՝ WBA Asia South-ի Ախոյեան
Հայազգի բռնցքամարտիկ Էտկար Ղուկասեան WBA Asia South-ի մրցումներուն յաջողեցաւ տիրանալ աշխարհի ախոյեանութեան: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ. 30 տարեկան հայ մարզիկը մրցավարներու միաձայն որոշումին համաձայն պարտութեան մատնեց Թանզանիոյ ներկայացուցիչ Կուլվու Պուշիրին եւ ձեռք ձգեց տիտղոսը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Օսման Տեմպէլէ Տասը Շաբաթ Պիտի Բացակայի Խաղէն
Սպանիոյ ախոյեանի՝ Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը ակումբի պաշտօնական կայքին մէջ յայտարարութիւն մը տարածեց, յայտնելով, թէ խումբի յարձակողական խաղացող Օսման Տեմպէլէ տասը շաբաթ պիտի բացակայի խումբի մրցումներէն, վիրաւոր ըլլալուն համար: Տեմպէլէ այս տարեշրջանին երկրորդ անգամ ըլլալով վիրաւորուեցաւ: Անցեալ Չորեքշաբթի, Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Պարսելոնա Պորիսիա Տորթմոնտ հանդիպումին ընթացքին, Տեմպէլէ դուրս ելաւ դաշտէն, որովհետեւ աջ ոտքին մկանը ծանրօրէն վնասուեցաւ: Ան արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուաւ ընկերներուն:
Արսենալի Մարզիչը Հեռացուեցաւ Իր Պաշտօնէն
Անգլիոյ մարզիչներու հեռացումներուն ընթացքը շարունակելով, Լոնտոնի Արսենալի ղեկավարութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի սպանացի մարզիչ Ունայ Էմերը: Հինգշաբթի օր խումբը Էմերի գլխաւորութեամբ կատարեց Եւրոպայի «Չեմփիընզ-լիկ»ի մրցաշարքի իր վերջին մրցումը, 2 – 1 արդիւնքով պարտութիւն կրելով Գերմանիոյ Ինթրախտ ֆրանքֆուրթ խումբին դիմաց: Արսենալը վերջին եօթը մրցումներուն չյաջողեցաւ ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրել, որուն համար ակումբի համակիրները մրցումի ընթացքին բարձրաձայն պահանջեցին Էմերի հեռացումը, ինչպէս նաեւ դաշտի պատերուն վրայ գրութիւններ արձանագրեցին՝ իրենց դժգոհանքը արտայայտելով:
ԵՒՐՕ-2020-ի ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ 
 Ռումինիոյ մայրաքաղաք Պուխարեստի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի Եւրօ-2020-ի եզրափակիչ մրցաշարքի վիճակահանումը։ 24 խումբեր բաժնուեցան 6 խմբակներու։ 4 ուղեգրերու տէրերը յայտնի կը դառնան 2020-ի գարնան տեղի ունենալիք ՈւԵՖԱ-ի Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի արդիւնքին համաձայն:
Եզրափակիչ մրցաշարքը տեղի կ’ունենայ 12 Յունիսէն 12 Յուլիս, Սան Պեթերսպուրկի, Ռոմայի, Ամսթրտամի, Լոնտոնի, Քլազքոյի, Պաքուի, Պուտափեստի, Միւնեխի, Քոփենհակընի, Թիֆլիսի, Պիլպաուի եւ Պուխարեստի մէջ։
Վիճակահանումի արդիւնքը հետեւեալն էր.
A խումբ (Ռոմա – Պաքու)
Իտալիա, Զուիցերիա, Թուրքիա, Ուէլզ
B խումբ (Սանկտ Փեթերսպուրկ, Քոփենհակըն)
Պելճիքա, Ռուսիա, Դանիա , Ֆինլանտա
C խումբ (Ամսթրտամ, Պուխարեստ)
Ուքրանիա, Հոլանտա, Աւստրիա, Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի D խմբակի յաղթող
D խումբ (Լոնտոն, Քլազքօ)
Անգլիա, Խրուաթիա, Չեխիա, Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի C խմբակի յաղթող
E խումբ (Պիլպաու, Տուպլին)
Սպանիա, Լեհաստան, Շուէտ, Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի B խմբակի յաղթող
F խումբ (Միւնեխ, Պուտափեստ)
Գերմանիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ ,Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի A խմբակի յաղթող
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան