«Երկիր».- ԱՄՆ Հայ Դատի արեւմտեան գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի վերին պալատը՝ ծերակուտականները, միաձայնութեամբ քուէարկեցին 150-րդ բանաձեւին՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

“Սա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Ծերակոյտը իր պաշտօնական դիրքորոշումը կը յայտնէ այս կարեւոր պատմական իրողութեան մասին։

Ներկայացուցիչներու Պալատին 296-րդ եւ Ծերակոյտին 150-րդ բանաձեւերը իրարմէ անկախ ըլլալով կ’արտայայտեն իւրաքանչիւր պալատի դիրքորոշումները եւ ընթացակարգով չեն պահանջեր ԱՄՆ նախագահի ստորագրութիւնը։ Այսպիսով կրնանք արձանագրել, որ ԱՄՆ օրէնսդիր իշխանութիւնը ամբողջովին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մէկ քայլ առաջ տանելով համայն հայութեան պայքարը դէպի պատմական ճշմարտութեան ու արդարութեան հաստատում։

Նոյնանման երկու բանաձեւերը ունին երեք կարեւոր ուղերձներ՝
1․ Կը բացառեն ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնը թրքական կառավարութեան կողմէ վարուող ժխտողական քաղաքականութեան

2․ Կը խրախուսեն ԱՄՆ-ի շարունակական ոգեկոչման ու ճանաչման կարելիութիւնները՝ ի միտի ունենալով յիշատակել մարդկութեան դէմ կատարուած միջազգային յանցագործութիւնը

3․ Կ’աջակցին ԱՄՆ-ի հանրակրթական հաստատութիւններէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման՝ կանխարգիլելու մերօրեայ նմանօրինակ յանցագործութիւնները։

ԱՄՆ Ծերակոյտը օժտուած է դեսպաններու ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նշանակումներու հաստատման ուժով, ուստի բոլոր առաջադրուելիք թեկնածուները պէտք է այլեւս հետեւին քոնկրեսի պաշտօնական քաղաքականութեան, այլապէս վտանգի կ՚ենթարկեն իրենց հեղինակութիւնն ու աշխատանքը”, գրած են անոնք։

Յայտնենք, որ ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունած է ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտեսի ու Թետ Քրուզի առաջադրած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող թիւ 150 բանաձեւը։