ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի հովանաւորութեամբ 16 Դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջկեդրոն Բերձորի շահագործման յանձնուած շրջանային բուժմիաւորման նորակառոյց շէնքի բակէն ներս բացուած է ԼՂՀ վաստակաւոր բժիշկ Արցախ Բունիաթեանի կիսանդրին:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է անուանի բժշիկին ներդրումը Քաշաթաղի շրջանի զարգացման գործին` յայտնելով, որ անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ:
Քանդակի հեղինակ, քանդակագործ Իւրի Յովհաննիսեան իր կարգին դիտել տուած է, որ Արցախ Բունիաթեան այն եզակի դէմքերէն էր, որուն համար Արցախեան շարժումը էութեան հարց էր:
«Քանդակը մեր խոնարհումն է Արցախի վաստակին առջեւ, սփոփանք հարազատներուն եւ յիշատակ բերձորցիներուն համար: Մենք մշտապէս պէտք է ջատագովենք, մեծարենք եւ վառ պահենք մեր հերոսներու յիաշատակը», ըսած է Յովհաննիսեան: