ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան 16 Դեկտեմբեր 2019-ին, «Փաստարկ» ակումբի լրագրողերուն, ինչպէս նաեւ «Լուրեր» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման եւ ղարաբաղեան տագնապին մասին:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին կարեւորութեան ու յառաջիկայ քայլերուն մասին խօսելով` Մանոյեան ըսաւ. «Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ կեդրոնանալը Սպիտակ տան վրայ, որպէսզի անոնք եւս Ցեղասպանութեան փաստը` իբրեւ այդպիսին ներկայացնելու քաղաքականութիւն որդեգրեն: Այս բանաձեւը պատմական է քանի մը առումով: Նախ Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ կ՛որդեգրէ, եւ երկրորդ` այս ձեւով Քոնկրեսի երկու պալատներն ալ` Ծերակոյտը միաձայնութեամբ, իսկ Ներկայացուցիչներու պալատը` գրեթէ միաձայնութեամբ վերահաստատեցին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրականութիւնը: Կը շեշտեմ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մեղսակից դառնան Թուրքիոյ ժխտողականութեան քաղաքականութեան», յայտնեց Մանոյեան:
Անոր համաձայն, այլեւս չենք կրնար ըսել, թէ Միացեալ Նահանգները չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը. «Ընդհակառակն` ընդունուած բանաձեւը նոյնինքն ճանաչման հիման վրայ է, երբ կ՛ըսեն` պէ՛տք է պատշաճօրէն ոգեկոչենք, պէ՛տք է մեղսակից չդառնանք ժխտողական քաղաքականութեան»:
Լրագրողին այն դիտարկման, թէ ասիկա արդեօք Միացեալ Նահանգներուն կողմէ արդարութեան վերականգնման փո՞րձ էր, թէ՞ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման արդիւնք` Մանոյեան նշեց. «Միայն ատիկա չէ, քանի որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները այնքան ալ վատ չեն: Եկէք յիշենք, որ Սպիտակ տունը Ներկայացուցիչներու տան մէջ չփորձեց նոյնիսկ արգելակել բանաձեւի ընդունումը, որովհետեւ այնտեղ մեծամասնութիւնը այլ կուսակցութիւն է` դեմոկրատականները: Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւնը հանրապետականներն են, բայց Սպիտակ տունը չյաջողեցաւ անընդհատ դէմ կանգնիլ հարցը լիագումարի օրակարգ բերելուն: Բոլորն ալ կը հասկնային, որ արդիւնքը այս պիտի ըլլայ»:
Մանոյեանի համաձայն, բանաձեւին ընդունումը անակնկալ չէր: Ան ընդգծեց, որ ասիկա ամերիկահայութեան, Հայ դատի յանձնախումբի տասնամեակներ շարունակ տարուած աշխատանքի արդիւնքն է:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` Ղարաբաղի տագնապին առնչուող բանակցութիւններուն մասին խօսելով, յայտնեց. «Իրականութեան մէջ կայ երեք թէզ. Ազրպէյճանը նախքան հանդիպումը հրապարակեց իր պատկերացումը. Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին հրապարակեց իր կարմիր գիծերը, եւ երրորդ` համանախագահող պետութիւններու մօտեցումները, որոնք հրապարակուեցան իրենց եռակողմ միացեալ հաղորդագրութեան մէջ. թէեւ իրենք այդպէս չեն ըսեր, բայց անոնք Մատրիտեան սկզբունքները եւ նախատեսուած քայլերն են: «Լաւրովի ծրագիր»-ը այն չէ, ինչ որ ոմանք մեր մօտ ընկալեցին, թէ` իբրեւ թէ անիկա կը պատկերացնէ Արցախի կարգավիճակը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: «Լաւրովի ծրագիր»-ը «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ու մէկ տարբերակն է, որ հաւանաբար միջնորդներուն կողմէ յառաջ կը մղուի, բայց չեմ կարծեր, թէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը անոր շուրջ քննարկումներ կը կատարեն», դիտել տուաւ Մանոյեան:
«Հայաստանը կը փորձէ նոր մօտեցում ձեւաւորել: Անիկա աւելի մօտ է ԵԱՀԿ-ի տեսակէտներուն, քան Ազրպէյճանի հրապարակած փաստաթուղթինը` Մինսքի խմբակի համանախագահներուն: Մամետեարովը ինծի համար վստահելի աղբիւր չէ, ինչ ալ որ ըսէ», յայտնեց ան:
Կիրօ Մանոյեան կրկնեց, թէ չի բացառուիր, որ ԵԱՀԿ-ի միջնորդները որեւէ փաստաթուղթ առաջարկեն կողմերուն, օրինակ` փոխզիջումային տարբերակ, բայց հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ որեւէ փաստաթուղթի շուրջ չի բանակցիր: