«Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արդէն տասնամեակներէ ի վեր կը գործէ արտաքին քաղաքական տարբեր թեմաներու շուրջ փակ հանդիպումներ կատարելոու մշակոյթով` խորհրդարանական հարթակի անդամներու, հայաստանեան եւ օտարերկրեայ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, ԶԼՄ խմբագիրներու եւ լրագրողներու հետ: Այդ հանդիպումները կը կատարուին «չաթըմ հաուզ» կանոններով, որոնց ընթացքին արտաքին գործոց նախարարին կողմէ կը պատասխանուին արտաքին քաղաքականութեան մասին հարցումներուն` հրապարակման ոչ ենթակայ առաւել բաց ձեւաչափով: Սա կ’ենթադրէ, որ առաւել հանգամանալից եւ փորձագիտական մակարդակով պարզաբանուին արտաքին քաղաքականութեամբ արտայայտուած դիրքորոշումները:
Նման հանդիպումներու առաջարկները կը դիտարկուին առանց որեւէ խտրականութեան, եւ ԱԳՆ-ն բաց է գործակցութեան շահագրգռուող շրջանակներուն հետ: Այս տեսակէտէն տարակուսելի է, որ այս հանդիպումին փաստը յարուցած է որոշ շրջանակներու արձագանգներ, այն պարագային, որ այդ նոյն շրջանակներու ներկայացուցիչները արտաքին քաղաքականութեան մասին բաց եւ փակ ձեւաչափով իրենց հանդիպումները կը գերադասեն կատարել առանց ԱԳՆ մասնակցութեան:
Աւելցնենք, որ ԱԳՆ-ն կը ստանայ բազմաթիւ դիմումներ` նման ձեւաչափով հանդիպումներ կատարելու, եւ կարելիութեան պարագային կ’ապահովէ պատշաճ մասնակցութիւն»: