“Ապառաժ”._2020 թուականին նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ_ի առաջադրած նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան 16 Դեկտեմբերին այցելած է Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնու համայնք՝ վերաբնակեցուող համայնքի հարցերուն ծանօթանալու եւ վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական աշխատանքը շարունակելու Դաշնակցութեան մօտեցումները ներկայացնելու:

Դաւիթ Իշխանեանին ուղեկցած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, Քաշաթաղի վարչակազմի տեղակալ Մարինէ Պետոյան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալիոշա Գաբրիէլեան:
Աղաւնու կատարած այցելութեան ընթացքին դաշնակցական գործիչները հանդիպում ունեցած են դպրոցի ղեկավար կազմին հետ, այցելած են գիւղին մէջ կառուցուող նոր թաղամասը եւ դպրոցի շինարարական հարթակը:

Աղաւնու բնակիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, Դաւիթ Իշխանեան յայտնած է, որ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները Արցախի մէջ վերաբնակեցման քաղաքականութեան աջակցող եւ զայն իրագործող հիմնական դերակատարներէն են:

«Վերաբնակեցման ուղղութեամբ ՀՅԴ աշխատանքները շարունակական են՝ ամրագրուած ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Շրջանային ժողովներու որոշումներով: Մենք կը կարծենք, որ վերաբնակեցման յաջող ծրագիրի հեռանկարը կարելի կը դառնայ ճիշդ քաղաքականութիւն մշակելու եւ վարելու պարագային», ըսած է Իշխանեան, յայտնելով, որ վերաբնակեցման քաղաքականութեան մասին ՀՅԴ տեսլականը պիտի արտացոլայ ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրով: