«Երկիր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութենէն (AKP-ԱԶԿ) վերջին 4 ամսուան ընթացքին հեռացած է մօտաւորապէս 114.000 անդամ:
Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութեան տուեալներուն համաձայն`1 Յուլիսէն մինչեւ 6 Սեպտեմբերին երկրի ամենամեծ քաղաքական կուսակցութեան (ԱԶԿ) շարքերէն հեռացած է 56.260 անդամ, 6 Սեպտեմբերէն 22 Նոյեմբերին 57.856 անդամ եւս հեռացած է:
Աւելցնենք, որ միեւնոյն ժամանակահատուածին անդամներ կորսնցուցած է նաեւ խորհրդարանական քրտամէտ ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը (HDP-ԺԴԿ): Ընդդիմադիր ԺԴԿ-ի շարքերը լքած է 782 անդամ:
Այդուհանդերձ, լիովին հակառակն է խորհրդարանական միւս 2 ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն պարզած պատկերը` ամենամեծ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական (CHP-ԺՀԿ) եւ Լաւ Կուսակցութեան (İYİ-ԼԿ):
Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին ԺՀԿ-ի շարքերը աւելցած են 41 866, իսկ ԼԿ-ինը` 36139 անդամով:
Աղբիւրը կ’աւելցնէ նաեւ, որ իշխող կուսակցութեան` ԱԶԿ-ի խորհրդարանական դաշնակից Ազգայնական Շարժում (MHP-ԱՇԿ) Կուսակցութեան շարքերը համալրուած են 125 անդամով: