Երգը, որպէս արուեստի տեսակ, աշխարհի ամենախօսուն եւ ամենահաս լեզուներէն մէկն է, որ դարերէ ի վեր տարբեր քաղաքակրթութիւններ զիրար մօտեցուցած, կապած ու անոնց փոխյարաբերութեան մէջ մեծ դեր խաղցած է։

Արդարեւ, Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին,Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան վարչութիւններուն նախաձեռնութեամբ, հալէպահութիւնը «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս շքեղ համերգով մը ոգեկոչեց հայ մեծանուն երգիչ, երգահան, բանաստեղծ եւ միջազգային տիտղոսներու եւ մրցանակներու դափնեկիր Շարլ Ազնաւուրի անմար յիշատակը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, ինչպէս նաեւ հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, հայրենակցական ու կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու արուեստասէր բազմութիւն մը:

Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեպուհ Պապիկեան, յայտնելով որ սիրոյ եւ արդարութեան հանճարեղ այս երգիչը, աշխարհին պատկանելով մէկտեղ, եղաւ իր ժողովուրդին հարազատ ձայնը՝ ամէնուրեք մարմնաւորելով անոր վերածնունդը, ճակատագիրն ու անպարտելիութիւնը։

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Նայիրի Քաչչօ-Քէշիշեան, յայտնելով որ Հալէպի պատերազմի տագնապալի օրերուն, պարտադրաբար իր գործունէութիւնները սահմանափակած Գերմանիկ Վասպուրական Մշկթ. Միութիւնը այսօրուան իր ձեռնարկով կը հաստատէ իր վերանորոգ թափը։

Համերգի ընթացքին, Շարլ Ազնաւուրի ամենասիրուած երգերը հնչեցին բժշկ. Ռաֆֆի Ապեճեանի կազմած նուագախումբի երաժիշտներուն եւ երգիչ-երգչուհիներուն կողմէն։

Հարկ կը զգանք նշել նուագախումբին անդամներուն անունները.

Ջութակահարներ՝

Դաւիթ Մելքոնեան, Սագօ Աւագեան, Շահէ Աւագեան եւ Ռոզի Շուշանեան:

Ֆլիւթ՝ Շողեր Գերպապեան եւ Նարինէ Փիլիպպոսեան:

Քանոն՝ Անժէլ Շէօհմէլեան- Պէօյիւքեան։

Կիթառ՝ Ռամի Ամար:

Պաս կիթառ՝ Ժանօ Գաւլաքեան։

Թէնոր սաքսօֆօն՝ Կարպիս Էօրտէքեան։

Թմբկահար՝ Սէմի Բէթրաքի

Դաշնամուրային գործիքներ՝բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեան:

«Երբ Սիրում Ես Ինձ», «Mon Ami», «Yesterday, When I Was Young», «Les Deux Guitares», «Mourir D’aimer», «Allex Val Marseille», «La Boheme», «Ils sont tombes», «Je t’attends» եւ այլ երգեր մեկնաբանեցին երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներ՝ Թալին Թօփալաքեան ,Կարօ Պէրէճիքլեան, Ասպետ Քէլխաչերեան, Տիգրան Այնթէպլեան, Շանթալ Իշխան Մագտիս, Կարպիս Էօրտէքեան, փոքրիկն Արշի Տիլպէրեան եւ Ֆրանսուհի Լուիզ Փասսօն։

Հանդիսատեսը Ազնաւուրին կեանքը ներկայացնող տեսանիւթին հետեւելով թափանցեց արուեստագէտին ներաշխարհը՝ ծանօթանալով Ազնաւուր մարդուն եւ արուեստագէտին։

Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը վարեց  Նայիրի Գրտանեան, որ Ազնաւուրին եւ անոր երգերուն վերաբերող մէջբերումներով  կատարումները աւելի պատկերաւոր դարձուց։

Յատկանշական էր այն պահը, երբ իւրաքանչիւր երգիչ, իր կատարումը աւարտելէն ետք, ծաղիկ մը դրաւ բեմին վրայ դրուած Ազնաւուրի պատկերին դիմաց, ըսելու՝ «Յիշատակդ անթարա՛մ, մեծ հայ…»:

Երգերով ոգեշնչուող ժողովուրդին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ վերջին՝ “Քեզի Համար, Հայաստա՛ն» երգին կատարումով, որ բուռն ծափողջոյններու արժանացաւ:

Համերգի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցան ձեռնարկը կազմակերպող մշակութային յանձնախումբի անդամները՝ Միշէլ Քէշիշեան, Միսաք Սեմէրճեան, Աւետիս Քէշիշեան, Սեպուհ Պապիկեան եւ  Անժէլ Շէօհմէլեան-Պէօյիւքեան,  որոնց ամիսներու անխնայ ջանքերով կարելի եղաւ այս յաջողութիւնը արձանագրել։

Այնուհետեւ, Միսաք Սեմէրճեանի եւ Աւետիս Քէշիշեանի հայերէն եւ արաբերէն շնորհակալական խօսքերէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան: Սրբազան Հայրը վեր առնելէ ետք գաղթականութենէ աշխարհահռչակ երգիչ դառնալու Ազնաւուրի հայավայել նուաճումը, բարձրօրէն գնահատեց Գ.Վ. Մշկթ. Միութեան վարչութիւններուն կազմակերպած մշակութային այս որակաւոր հանդիսութիւնը եւ կոչ ուղղեց բոլոր միութիւններուն առաջնորդուելու անոնց օրինակելի ընթացքով։

Բարի՜ ճանապարհ Ազնաւուրին՝ մեծ մարդուն,  հայուն եւ արուեստագէտին: Երկինքը կրնայ բախտաւոր զգալ ինքզինք, որովհետեւ «հիմա արդէն սիրոյ հրեշտակներն են, որոնք կը վայելեն զինք»։

Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութիւն