“Հորիզոն”._16 Դեկտեմբերին, Քանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կայացաւ յատուկ ընդունելութիւն ի պատիւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մօտ Քանատայի նորանշանակ դեսպան Ալիսըն Լեքլերի։ Ընդունելութեան ներկայ էր Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Դարչիէվ։ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ եւ Քանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան ներկաներուն ծանօթացուց տիկին Լեքլերը, որ ունի դիւանագիտական երկարամեայ փորձառութիւն։ Ան վարած է ՄԱԿ-ի Քանատայի մշտական ներկայացուցիչի փոխանորդի պաշտօնը, Քանատայի Հիւսիսային Բեւեռի պատասխանատուի պաշտօնը եւ արտաքին գործոց նախարարիութեան այլ պաշտօններ։ Տիկին Լեքլեր իր խօսքին մէջ հաստատեց Քանատայի պատրաստակամութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացման գործընթացին յաւելեալ զարկ տալու։
Ընդունելութեան ընթացքին Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց դեսպան Լեքլէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու դեսպանին հետ։

Քանատայի Հայ Դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապպետեան, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասեանեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։