«Երկիր».- Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը շարունակեն քննարկել գերիներու փոխանակման հարցը:
«Այս հարցը մշտապէս բանակցութիւններու օրակարգին մէջ կը գտնուի եւ առանձին քննարկուած է տակաւին ապրիլ ամսուն ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավարներու հանդիպումի ընթացքին», յայտարարած է Զախարովան:
Յիշեցնենք, որ Արցախի մէջ գտնուող ատրպէյճանցիները տիվերսանթներ Տիլհամ Ասկերովն ու Շահպազ Գուլիեւ, որոնք ապօրինաբար Արցախի պետական սահմանը հատելու, ապօրինի կերպով հրազէն եւ ռազմամթերք կրելու, մարդուն բացայայտ առեւանգելու եւ սպանութեան համար դատապարտուած էին համապատասխանաբար ցմահ եւ 22 տարի բանտարկութեամբ: Անոնք 2014 թուականի 4 Յուլիսին առեւանգած էին Արցախի անչափահաս քաղաքացի Սմբատ Ցականեանը, որուն մարմինը հրազէնային վնասուածքներով յայտնաբերուած էր 15 Յուլիսին Քարվաճառ եւ Մանաշիդ համայնքներու միջեւ գտնուող անտառային բաժինին մէջ: