Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ռուսիա եւ Չինաստան Վեթօ կիրառեցին ՄԱԿ-ի Միջազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ, Սուրիոյ ժողովուրդին մարդկային իրավիճակը շահագործող բանաձեւին դէմ: Գերմանիոյ, Պելճիքայի եւ Քուէյթի առաջարկած բանաձեւը կ’ընդգրկէր Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն ղըկել առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան: Այս պատճառով ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն բանագնաց Վազելի Նեպէնզիա յայտնեց, որ Ռուսիա վեթօ կիրառեց բանաձեւին դէմ, որովհետեւ ընդունելի չէ սուրիական սահմաններէն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել Սուրիա առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան:
Յիշենք, որ Յուլիս 2014-ին ՄԱԿ-ի Միջազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը որդեգրեց 2165 թուակիր որոշումը, որ կ’ընդգրկէր ամէն տարի մարդասիրական օժանդակութիւն ղրկել Սուրիա: Որոշումին համաձայն 2014-էն ի վեր ամէն տարի օժամդակութիւն պարունակող փոխադրակարգեր Սուրիա կ’ուղղուին: