«Երկիր».-16-18 Դեկտեմբերին կարճատեւ աշխատանքային այցելութեամբ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութենէն ներս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցած է գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Արցախի հարկային քաղաքականութիւնը եւ մեծ ներդրողներուն համար գործող արտօնեալ պայմանները: Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում Արցախի տնտեսութեան որոշ ոլորտներէն ներս ներդրումներու իրականացման հեռանկարներու շուրջ:

Այցելութեան ընթացքին Մասիս Մայիլեան հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի Հարաւային Սինայի նահանգապետ Խալէտ Ֆուտա Սիտիք Մուհամատի հետ:
ԱԳՆ ղեկավարը բարձր գնահատած է Եգիպտոսի իշխանութիւններու կողմէն հայկական համայնքին հանդէպ աւանդական բարեկամական վերաբերմունքը` յայտնելով երկրի զարգացման գործին մէջ հայերուն ունեցած կարեւոր ներդրումն ու դերակատարութիւնը:

Հանդիպումին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման առաջնահերթ ուղղութիւնները:ԱԳՆ ղեկավարը, յատկապէս առանձնացնելով զբօսաշրջութեան ոլորտը, անդրադարձած է Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը բարձրացնելու ուղղուած հանրապետութեան մէջ իրականացուող տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններուն, որոնք բաւական գոհացուցիչ արդիւնքներ կ’ապահովեն:

Հանդիպումի աւարտին համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներէն ներս գործակցութեան հաստատման եւ զարգացման շուրջ:

Գահիրէի մէջ Մասիս Մայիլեան այցելած է նաեւ Եգիպտոս Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտոսի Թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեանին եւ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանին հետ: