Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը, նախքան Գամիշլի իրենց այցելութիւնը, ժամանեցին Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցան Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հետ։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ «Աւետիս Ահարոնեան» մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Արմէն Ուրֆալեան։

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան վարժարանի ուսումնակրթական կեանքին առնչուող հարցեր։
Սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահին՝ վարժարանին ցուցաբերած օժանդակութեան եւ զօրակցութեան համար, դիտել տալով, որ շնորհիւ սուրիական բանակին ու երկրի հայրենասէր ու խոհեմ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, ահաբեկչական շարժումը պարտութեան մատնուեցաւ, իսկ Սուրիան մեր բոլորին հաւաքական ճիգերով պիտի դառնայ վերականգնումի լոյսին, գիտութեան եւ յառաջդիմութեան օրրան, վանելով բոլոր յետադիմական, բռնագրաւեալ, օտար ուժերը։
Սրբազան հայրը կարեւոր համարեց նաեւ հայեցի դաստիարակութեան նորովի թափով ու որակով կիրարկումը, որպէսզի հայկական այս վարժարանը դառնայ գիտութեան, լոյսի ու հայեցի կրթութեան դարբնոց։

Յիշենք, որ հանդիպումէն ժամեր առաջ վարժարան անակնկալ այցելութիւն տուած էր նաեւ Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատը։