«Արմէնփրէս». Արցախի Հանրապետութիւն աշխատանքային այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ 21 Դեկտեմբերին հիւրընկալուած է Շուշիի Գրիգորի Գաբրիէլեանցի անուան երկրաբանութեան պետական թանգարանէն ներս: Թանգարանի հիմնադիր, մասնագէտ Գաբրիէլեանցի ուղեկցութեամբ անոնք ծանօթացած են հոն պահուող աշխարհի աւելի քան 40 երկիրներէն բերուած քարերու ու հազուագիւտ տիպի տապարներու հաւաքածոյին, անոնց ծագումին ու պատմութեան: