«Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 21 Դեկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 25 տարուան ընթացքին ստեղծուած է ամբողջական զինուորական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն` վարժարանէն մինչեւ ռազմական համալսարան:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 տարի անց  ամբողջական զինուորական կրթութեան բոլոր փուլերով անցնելու կարելիութիւն ունի: 25 տարուան մէջ կարելի  չէր վարժարանէն մինչեւ ռազմավարական կրթութիւն ստանալու առիթ ստեղծել: Մեր ռազմական համալսարանի ամբողջ հրամանատարական կազմը ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի պատրաստէ հայ զինուորականի ոգիին յարիր զինծառայողներ, եւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նուիրատուութեամբ օժտուած զինծառայողներ», ըսաւ Տօնոյեան:

Պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի բոլոր տնօրէններուն, հրամանատարներուն, եւ խրախուսական պարգեւներ յանձնեց ծառայութեան ընթացքին յաջողութիւններ գրանցած զինծառայողներուն: