«Ապառաժ».-25 Դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցած է Ստեփանակերտի քաղաքային համայնքի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեանին հետ:
Հանդիպումին խմբակցութեան անդամներու մտահոգութիւններն էին մայրաքաղաքի հարցերը: Պատգամաւորները վեր առած են Ստեփանակերտի որոշ փողոցներու անուանափոխութեան անհրաժեշտութեան, բարեկարգման, համայնքի հողատարածքներու յատկացման եւ շարք մը այլ հարցեր:
Հանդիպումին օրակարգին մէջ էր նաեւ երկկողմանի գործակցութեան հարցը: Արծարծուած են Հայաստանի հետ փորձի փոխանակման առաջարկներ: