Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ տարեվերջեան հանդիպումները քաղաքական եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու, իրաւաբանական հանրութեան ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեանի, Շաղիկ Մարուխեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի, ինչպէս նաեւ` Երեւանի Պետական Համալսարանի իրաւագիտութեան հիմնարկի վարիչ, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, մասնագէտ, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Ակադեմիկոս Գագիկ Ղազինեանի, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի, «Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէ» Հասարակական Կազմակերպութեան նախագահ Աւետիք Իշխանեանի, «իրաւական ուղի» Հասարակական Կազմակերպութեան համահիմնադիր Ռուբէն Մելիքեանի եւ այլոց հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին յատկապէս անդրադարձ կատարուած է քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն, դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին, «սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին եւ շարք մը այլ հարցերու: