«Երկիր».-ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 8 Յունուարին ընդունած է ՀՀ-ի Լեհաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. Փաւել Չեփլաքը եւ անոր ռազմական կցորդ գնդապետ Քշիշթոֆ Միքոլայեկը` Հայաստանի մէջ վերջինիս առաքելութեան աւարտին առիթով:
Դաւիթ Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է գնդապետ Միքոլայեքին` պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս հայ-լեհական գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած իր ջանքերուն համար, որուն հետեւանքով կարելի եղած է վերականգնել ամէնամեայ ծրագրաւորման ձեւաչափով գործակցութիւնը եւ սահմանուած են գործակցութեան նոր ոլորտներ:
Դեսպան Չեփլաք հաստատած է փոխգործակցութիւնը զարգացնելու լեհական կողմին պատրաստակամութիւնը եւ կարեւոր համարած է երկու երկիրներու ռազմաճարտարագիտական գործակցութեան համաձայնագիրին ստորագրումը, որ արդէն պատրաստուած է:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր: