ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ` անդրադառնալով մամուլի մէջ հրապարակուած այն տեղեկութեան, թէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մէկ շաբաթ ժամանակ տուած է Սահմանական Դատարանէն «անցանկալի» դատաւորը հեռացնելու համար, յայտնած է.«ՀՀ իշխանութիւններուն ձեռագիրն է։ Չեմ բացառեր, որ նման բան եղած ըլլայ:
«Իրականութեան մէջ չեմ գիտեր, թէ որքանով հաւաստի է այդ լուրը, բայց ընդհանարապէս, մէկ բան ակնյայտ է` իշխանութիւնները կը դիմեն ամէն քայլի, որպէսզի ազատին Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն», յայտնեց Սաղաթէլեան, աւելցնելով, որ եթէ, իրաւամբ լուրը հաւաստի է եւ իրաւապահ մարմինները հետեւին Փաշինեանի հրահանգին ու ամէն ձեւով ՍԴ դատաւորներու հեռացումը կատարեն, ապա Հայաստանի մէջ վերջնականապէս կը թաղուի դատական համակարգը:
«Իշխանութիւնները այս ժամանակահատուածին մէջ դիմած են բազմաթիւ հակաօրինական, հակաիրաւական գործողութիւններու եւ կը շարունակեն այդ քայլերը, մենք այս մասին բազմիցս մեր կարծիքը յայտնած եւ դատապարտած ենք», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ դատաւորներու վաղաժամօրէն կենսաթոշակի անցնելու օրէնքի ընդունումէն անմիջապէս ետք մեղադրանք առաջադրուեցաւ ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանին, յետոյ ՍԴ նախագահի սանը դարձեալ կալանաւորուեցաւ:
«Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնը ապօրինի բոլոր միջոցներուն կը դիմէ, որպէսզի ազատի ՍԴ այսօրուան անդամներէն, նշեմ, որ ի պատիւ ՍԴ դատաւորներուն` անոնք տակաւին կը դիմադրեն, որ ողջունելի է: Իշխանութիւններուն նպատակը ոչ թէ դատաիրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելն է, այլ սեփական քիմքին հաճելի որոշումներ ընդունող դատական համակարգ ունենալը, եւ իրենց գործողութիւնները կը բխին այդ նպատակէն», ընդգծեց Սաղաթէլեան:
Ան աւելցուց, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ իշխանութիւնը շարունակէ նման ապօրինութիւնները, որովհետեւ կան ձեւեր` Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ դատաւորները ունին անձեռնմխելիութիւն, իսկ նման ճանապարհով հասնիլ դատաւորներու հրաժարականին` անթոյլատրելի է:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, եթէ իրաւապահ մարմինները հետեւին Փաշինեանի հրահանգին եւ ՍԴ դատաւորները հեռացնեն, ան պատասխանեց. «Սա շատ վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ. այս պարագային, Հայաստանի մէջ, բոլոր առումներով, վերջնականապէս կը թաղուի դատական համակարգը»: