ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, 2020թ. Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Պաքուի հայկական ջարդերու 30-րդ տարելիցի առիթով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Դաւիթ Իշխանեանի գրառումը ամբողջութեամբ.

«30 տարի անցած է այն օրէն, երբ 13 Յունուարի 1990-ին Պաքու քաղաքին մէջ սկսան տեղւոյն հայ բնակչութեան հանդէպ անմարդկային ջարդերը: Հայերուս յիշողութեան մէջ դրոշմուեցաւ որպէս «սեւ Յունուար», մինչդեռ այս ոճրագործութիւնը… Խորհրդային բռնատիրութիւնը ժամանակին որակած էր «հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ սովորական ընդհարում»:
30 տարին կարճ ժամանակ չէ, բայց այդ ընթացքին Ատրպէյճան չփոխեց իր կարեւոր հարցերը ջարդերու, քաղաքական խարդաւանքներու ու կեղծարարութեամբ լուծելու կեցուածքը: Օրինակները շատ են եւ անոնց անվերջանալի շղթան կ’երկարի Արցախեան շարժման ու պատերազմի օրերէն մինչեւ Ապրիլեան պատերազմ, մինչեւ օրս, երբ միջազգային կառոյցներու հանդուժողականութեան ու անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ ան ոչ միայն կը հրաժարի առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ, այլեւ կը շարունակէ փոշի փչել հանրութեան աչքերուն եւ աւելի բարձր ամպիոններէն ներկայացնել իր «ճշմարտութիւնը»:
Մարդկութեան հանդէպ նման յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին: Տակաւին պանթուրքիստական նկրտումներու հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1800-ական թուականներուն սկսած եւ 1915-ին իր գագաթնակէտին հասած հայերու ջարդերը շարունակուեցան Թուրքիոյ եղբայրակից Ատրպէյճանի կողմէն:Այս ամէնը կը փաստէ, որ մարդկութեան դէմ իրագործուած իւրաքանչիւր ոճրագործութիւն պէտք է մշտապէս համապատասխան ըլլայ միջազգային կառոյցներու ուշադրութեան առանցքին, ուստի յանցանքը կրկնուելու հակում ունի, եթէ պատիժը ուշանայ:
30 տարին քիչ ժամանակ չէ դասեր քաղելու եւ ըստ այդմ մեր բոլոր քայլերը ուղղելու Արցախի անվտանգութեան, կայունութեան ու պետականաշինութեան ամրացման»: