Քաղաքական կարեւոր ցուցանիշներ ընդգրկող նախաքայլով մը, Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիական-ռուսական-թրքական եռակողմ ժողով մը՝ Սուրիոյ իրավիճակի քննարկման օրակարգով:
Սուրիացի դիտորդներ ժողովը կարեւոր համարեցին, յատկապէս, որ սուրիական կողմը ներկայացնող ազգային ապահովութեան գրասենեակի նախագահ Ալի Մամլուք ժողովի ընթացքին թրքական կողմէն պահանջած էր Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ու ժողովրդային ամբողջականութիւնը պահպանել եւ անմիջապէս քաշուիլ սուրիական հողերէն:
Սուրիական կողմը թրքական կողմի ներկայացուցիչ՝ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարութեան համակարգի նախագահ Հաքքան Ֆիտանէն պահանջած է նաեւ որ Թուրքիա Իտլիպի շուրջ Սոչիի համաձայնագրի որոշումները յարգէ ու գործադրէ, մանաւանդ այն ինչ կը վերաբերի ահաբեկիչներու դուրս բերման եւ Հալէպ-Լաթաքիա, Հալէպ-Համա մայր ճամբաներու վերաբացման:
Մամլուք շեշտած է, որ Սուրիոյ պետութիւնը վճռած է ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմը շարունակել, Իտլիպը ամբողջութեամբ ազատագրել եւ զայն Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ առնել, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Սուրիոյ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: Այն քաղաքացիներուն, որոնք տարիներ շարունակ տառապեցան զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հալածանքներէն:
Ժողովը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Դամասկոս այցելութենէն եւ նախագահ Ասատի հետ հանդիպումէն քանի մը օր ետք:
Փութին եւ նախագահ Ասատ խորհրդակցած էին տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն եւ Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու զինուորական ծրագիրներուն շուրջ:
Դամասկոս այցելութենէն ետք, Փութին անմիջապէս ուղղուած էր Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ՝ խորհրդակցելու Սուրիոյ եւ Լիպիոյ քաղաքական իրավիճակին շուրջ:
Մոսկուայի մէջ գումարուած եռանդամ ժողովը կը զուգադիպէր Իտլիպի մէջ զինադադարի յայտարարութեան եւ մարդասիրական 3 միջանցքներու բացման:
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, որ այս ժողովը առաջինը չէր իր տեսակին մէջ, սուրիական կողմը նախապէս ալ հանդիպումներ ունեցած էր թրքական կողմին հետ, սակայն բոլորը ապարդիւն մնացած են՝ համաձայնութիւնները անտեսելու թրքական կողմին անպատասխանատու մօտեցումին հետեւանքով: