Հինգշաբթի, 9 Յունուար 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ եւ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատ նախագահական պալատին մէջ ընդունեցին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը, «Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի ներկայացուցիչները:

Հանդիպումը առիթ էր նախագահին եւ առաջին տիկնոջ Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանին վերաշինութեան բերած ներդրումին համար շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ հայերէն լեզուի եւ հայ ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ:

Աւարտին, պատուիրակութիւնը վարժարանին նշանակը պատկերող արծաթեայ, խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց մեծարգոյ նախագահին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ամոլներ՝ Արմէն Ուրֆալեան, Պօղոս Խաճարեան, Սարգիս Քիւրտեան եւ Ատոմ Սանոսեան: