Երկուշաբթի, 13 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն լոյսին տակ, Հին Հալէպի Խապիէ շուկայի վերանորոգումի աշխատանքը ընթացքի մէջ մտած է: Խապիէի շուկան կ’ընդգրկէ աւելի քան 100 գործատեղի:
Շուկան կը գտնուի Հին Հալէպի հիւսիսային բաժինին մէջ, Պապ Նասըրի կողմը: