«Արմէնփրէս».- Պերլինի մէջ հաստատուած գիտնականներ Վահէ Թաչչան եւ Էլկէ Հարթման յանձն առած են ի մի բերել Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներէն եւ աւելի առաջ պահպանուած` հայերուն առնչուող բոլոր իրերու, փաստաթուղթերու մասին տեղեկութիւնները: Այս կարեւոր գործը չէ վրիպած հեղինակաւոր «Los Angeles Times»ի ուշադրութենէն: «Los Angeles Times»ը հրապարակումը սկսած է փոքրիկ խորհրդանշական ակնարկով զինուորի մը մասին, որ մօտ մէկ դար առաջ` Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ խումբ մը հայերու հետ փախչելու ընթացքին ծունկի եկած է իր տան բակին մէջ, բուռ մը հող վերցուցած` կտոր մը իր հայրենիքէն, ուր երբեք այլեւս պիտի չվերադառնար: Թաշկինակը, որով հողը վերցուցած էր, այդ ժամանակէն ի վեր յանձնուած է երեք սերունդի: Ան հարիւրաւոր իրերէն մէկն է, որ բերուած էր Աթէնքէն՝ աւելնալու Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներէն մնացած միւս իրերուն վրայ:
Պարբերականը յիշեցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը խլած է մօտաւորապէս 1,5 մլն. հայերու կեանք եւ տեղահան ըրած է հայ ժողովուրդը իր պատմական հողերէն։ Վերջինս տարածուած է աշխարհով մէկ` Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն:
«Los Angeles Times»-ը յիշեցուցած է, որ Թուրքիա կը պնդէ, թէ զոհերուն թիւը աւելի փոքր է եւ այդ բռնութիւնը կը նկարագրէ ոչ թէ որպէս ցեղասպանութիւն, այլ որպէս քաղաքացիական պատերազմ:

Ամուսիններու նախագիծը սկսած է 2010-ին: «Los Angeles Times»ը յայտնած է իրենց հայալեզու սահմանափակ աղբիւրներուն համար գրադարաններն ու արխիւները «մաքրելէ» յետոյ Թաչչեան ու Հարթման գտած են նոր աղբիւր մը, որ յայտնի է «յուշամատեան» անունով ձեռագիր յուշագրութիւններու գիրքեր, որոնք կը նկարագրեն երբեմն պարզ, երբեմն հիանալի մանրամասնութիւններ` գիւղերը եւ նախնիներու հողերը, ուրկէ հայերը ստիպողաբար դուրս դրուած են: 2011-էն անոնք սկսած են այս փաստաթուղթերէն տեղեկութիւններ հրապարակել իրենց կայքին մէջ, որ անուանած են «յուշամատեան»: Այս նիւթերը փաստաթղթաւորելու համար Թաչչեան, Հարթման եւ փոքրիկ խումբով մը սկսած են ամբողջ աշխարհի մէջ կազմակերպել գործնական աշխատանքներ, ուր մարդիկ կրնան բերել իրենց ընտանեկան ժառանգութիւնը եւ փաստաթուղթերը հաւաքածոյին մէջ աւելցնելու համար: Հաւաքները տեղի կ’ունենան Պոլսոյ, Պէյրութի, Լոս Անճըլըսի, Կլէնտէյլի եւ հայկական սփիւռք ունեցող բոլոր շրջաններուն մէջ: Թաչչեանի խօսքին համաձայն, իւրաքանչիւր վայր այս պատմութեան իր ուրոյն յաւելումը կը բերէ: Վերջինը տեղի ունեցած է Աթէնքի մէջ, որուն մասնակցած են տասնեակ ժառանգներ: