«Ակօս».-Պոլսոյ մէջ մշակութային ժառանգը յայտնաբերելու ուղղուած նա-խագիծերու առաջինն էր «2012-ի Յայտարարագիրը», (2012 Պէյաննամէսի) որ իր տեսակին մէջ եզակի դարձաւ ընդգրկելով այս մեծ քաղաքի երբեմնի եւ ցարդ կայուն մշակութային կոթողները։
Այդ նախագիծի յաջողութեան վրայ սկիզբ առաւ «Մշակութային ժառանգ» նա-խագիծը, այս անգամ ընդլայնելով ամբողջ Թուրքիոյ տարածքը։ Այդ ծիրէն ներս հրատարակուեցան երկրի զանազան քաղաքները իրենց պատմական անցեալով, ընկերային եւ տնտեսական յատկութիւններով ծանօթացնող գիր-քեր։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի նման բովանդակութեամբ մշակած վերջին նախագիծը ըլլալով կը ներկայանայ «Քարտէս»ը, որուն ծանօթացումը կատարուեցաւ 9 Յունուար Հինգշաբթի երեկոյ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։
«Քարտէս» Պոլսոյ բազմաշերտ ու բազմազգի մշակութային ժառանգը նկա-րագրող ուղեցոյց է, որմէ կարելի է անվճար օգտուիլ բջջային հեռախօսի վրայ տեղադրելով App Store կամ Google play ի միջոցաւ։
Ծանօթացման հասարակութեան ուշադրութեան արժանացաւ:
Նարօտ Ավճը, Ռուտի Սայաթ Բուլաթեան եւ Ադոմ Շաշքալէ բաղկացող աշ-խատակազմի անունով Նարօտ Ավճը հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ներկա-ներուն եւ ապա բարձրախօսը յանձնեց այս նախագիծի իրականացման օժան-դակողներուն։
«Քարտէս» նախագիծի ծանօթացման հաւաքը աւարտեցաւ ընդունելութեամբ։