ՀՀ Ազգային Ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութենէն ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 18 Յունուարին երկկողմ զրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին հետ:
Արարատ Միրզոյեան կարծիք յայտնած է, որ Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի յատուկ ընդլայնուած նիստը մեծ կարեւորութիւն ունէր արժեւորելու համար Պաքուի մէջ 30 տարի առաջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերուն համար: Նիստը պատմական որակելով` ԱԺ նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը յանձնառու է ջարդերու զոհերուն եւ անոնց ժառանգներուն արդարացի հատուցման գործընթացին մէջ:
Աշոտ Ղուլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով իր գործընկերոջը նման ձեւաչափով միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստը կազմակերպելուն համար, յայտնած է, որ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին երկու խորհրդարանի միջեւ տարբեր ձեւաչափերով գործակցութեան կայուն հիմքեր ստեղծուած են:
Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակը անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Աշոտ Ղուլեանին` միատեղ գործընկերային աշխատանքին համար եւ վստահութիւն յայտնած, որ փոխգործակցութեան այս որակը պիտի պահպանուի նաեւ ԱՀ նոր գումարման Ազգային ժողովին հետ սպասուող ընտրութիւններէն ետք, որոնք պիտի ըլլան ազատ, թափանցիկ եւ մրցակցային: