Շաբաթ, 18 Յունուարին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ Վիգէն Աւագեանի, Թալին Օրտողլեանի եւ Մանուկ Քէօշկերեանի, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գէորգ Արք. Խազում։
Այցելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց միութեան ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին ընդհանուր տրամադրութիւնները եւ յառաջիկայ քառամեակի գլխաւոր ծրագիրներն ու ձեռնարկները։
Ամենապատիւ Տէրը իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած գործունէութեան համար, մօտէն հետաքրքրուեցաւ նորակազմ գաղութներու մէջ միութեան կատարած աշխատանքներով եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ դեսպանատան քարտուղար Դաւիթ Ալլավերտեանի հետ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ դեսպան Աթաբէկեանի հետ խորհրդակցելու ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն եւ այս ամառ միութեան Հայաստան մուտքը նշող 100-ամեակի ձեռնարկին, բանակումին եւ անոնց ընկերացող համա- ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 8-րդ համագումարին մասին։
ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն քաջածանօթ մը ըլլալով, դեսպան Աթաբէկեան մեծապէս դրուատեց միութեան դերը՝ նորահաս սերունդներու կազմաւորման եւ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին մէջ։ Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման նպաստող ՀՄԸՄ-ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան, մաղթելով որ միութիւնը անխափան շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ հակառակ հայ կեանքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն։