Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, միջօրէի ժամը 12:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու անդամներուն, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբին, ներկայութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծարգոյ Արմէն Սարգսեանի, Մարդասիրական Խումբի Հիւպատոսութեան Ներկայացուցիչ Գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի պատասխանատու Արթուր Մուսայէլեանի, ականազերծողներու, բժիշկներու եւ մասնագէտներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելութեան առիթով Ջրօրհնէք կատարեց, ապա իր սրտի խօսքը ուղղելով ՀՀ Մարդասիրական խումբին շնորհաւորեց անոր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, գնահատեց տարուող մարդասիրական աշխատանքը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի անունով զօրակցութիւն յայտնեց, մաղթելով Հայաստանին եւ Սուրիական Հայրենիքին խաղաղ եւ բարգաւաճ օրեր:
Սրբազան Հայրը մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին մօտէն ծանօթացաւ տարուող աշխատանքներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Ծննդեան շարականներու երգեցողութիւն: Այցելութիւնը փակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով:

Յիշենք, որ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան երրորդ խումբը Հալէպ ժամանեց Նոյեմբեր 2019-ին եւ ներկայիս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, ականազերծելով Հալէպի ծայրամասը գտնուող տարածքները եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցելով քաղաքի բնակչութեան եւ հայ համայնքին: