«Էրմէնիհապեր».-90 տարեկան Թուրքիոյ առաջին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «երկաթ բռունցք» մականունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանը մահացած է:
1930-ի ծնեալ Զաքարեան բռնցքամարտիկը գործած է 22 տարի: Բռնցքամարտիկը 200 սիրողական եւ 51 մասնագիտական մենամարտ կատարած է: Զաքարեան Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ ախոյեան դառնալէն ետք 1964-ին դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի ախոյեան: 1966-ին սկսած է մարզչական գործունէութիւն ծաւալել:
Կը հաղորդուի, որ 25 Յունուարի երեկոյեան մահացած Զաքարեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Իսթանպուլի 3 խորան հայկական եկեղեցւոյ մէջ 29 Յունուարին ժամը 1:00-ին, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը կը յուղարկաւորուի Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ: